1
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:4
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Բայց քեզի դէմ բան մը ունիմ։ Քու առաջուան սէրդ ձգեցիր։
Compare
Explore ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:4
2
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:5
Միտքդ բեր հիմա ուրկէ որ ինկար ու ապաշխարէ եւ քու առաջուան գործերդ ըրէ. եթէ ոչ՝ շուտով պիտի գամ քեզի ու քու աշտանակդ իր տեղէն պիտի շարժեմ՝ եթէ չապաշխարես։
Explore ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:5
3
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:10
Բնաւ մի՛ վախնար այն բաներէն որոնք պիտի կրես. ահա Բանսարկուն ձեզմէ մէկ քանիները բանտը պիտի ձգէ, որպէս զի փորձուիք եւ տասը օր նեղութիւն պիտի ունենաք։ Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղէ՛ք ու ձեզի կենաց պսակը պիտի տամ։
Explore ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:10
4
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:7
Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն. ան որ կը յաղթէ, անոր ուտել պիտի տամ կենաց ծառէն՝ որ Աստուծոյ դրախտին մէջ է»։
Explore ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:7
5
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:2
գիտեմ քու գործերդ եւ քու աշխատութիւնդ ու քու համբերութիւնդ եւ որ չարերուն չես կրնար տանիլ ու փորձեցիր զանոնք որ կ’ըսեն թէ իրենք առաքեալ են ու չեն եւ գտար թէ ստախօս են։
Explore ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:2
6
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:3
Համբերութիւն ունենալով՝ նեղութիւն կրեցիր իմ անուանս համար ու չթուլցար։
Explore ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:3
7
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:17
Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն. ով որ կը յաղթէ, պահուած մանանայէն ուտել պիտի տամ անոր ու ճերմակ խիճ մը պիտի տամ անոր եւ այն խիճին վրայ նոր անուն մը գրուած, որ մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն ան՝ որ կ’ընդունի»։
Explore ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2:17
YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy
Home
Bible
Plans
Videos