1
ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 4:6-7
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
Որովհետեւ դուք որդիներ էք, Աստուած իր Որդիին Հոգին ձեր սրտերուն մէջ ղրկեց, որ կ’աղաղակէ «Աբբա՛ Հայր»։ Ուստի ա՛լ ծառայ չես, հապա՝ որդի եւ եթէ որդի՝ ա՛լ Աստուծոյ ժառանգորդը Քրիստոսով։
Compare
Explore ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 4:6-7
2
ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 4:4-5
Բայց երբ ժամանակը լեցուեցաւ, Աստուած իր Որդին ղրկեց, որ կնոջմէ եղաւ ու օրէնքի տակ մտաւ. որպէս զի օրէնքի տակ եղողները փրկէ եւ որպէս զի մենք որդեգրութիւնը ընդունինք։
Explore ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 4:4-5
3
ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 4:9
Սակայն հիմա որ ճանչցաք Աստուած, մանաւանդ որ Աստուած ալ ձեզ ճանչցաւ, ի՞նչպէս նորէն կը դառնաք այն տկար ու չքաւոր սկզբունքներուն, որոնց նորէն ծառայութիւն կ’ուզէք ընել։
Explore ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 4:9