1
ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:12
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
Վասն զի մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ։
Compare
Explore ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:12
2
ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:18
Աղօթքով ու խնդրուածքով ամէն ատեն աղօթք ըրէք Հոգիով ու այս բանին վրայ հսկեցէ՛ք կատարեալ յարատեւութեամբ ու աղաչանքով՝ բոլոր սուրբերուն համար
Explore ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:18
3
ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:11
Ձեր վրայ հագէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք Սատանային հնարքներուն դէմ դնել։
Explore ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:11
4
ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:13
Ասոր համար ձեր վրայ առէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք չարութեան օրը դէմ դնել
Explore ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:13
5
ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:16-17
եւ ամէն բանի վրայ հաւատքին վահանը առէ՛ք, որով կարող պիտի ըլլաք չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարել եւ փրկութեան սաղաւարտը առէ՛ք ու Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է։
Explore ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:16-17
6
ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:14-15
ու ամէն բան լմնցնելէ յետոյ՝ հաստատուն կայնիլ։ Ուստի ձեր տեղը կայնեցէք, մէջքերնիդ ճշմարտութեամբ ամրացնելով ու արդարութեան զրահը հագնելով ու ոտքերնուդ ամրացուցէ՛ք խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը
Explore ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:14-15
7
ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:10
Ալ ասկէ յետոյ, եղբա՛յրներս, զօրացէ՛ք Տէրոջմով ու անոր զօրութեան կարողութիւնովը։
Explore ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:10
8
ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:2-3
Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, (որ առաջին պատուիրանքն է խոստումով), որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ։
Explore ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:2-3
9
ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:1
Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով, վասն զի այդ է արժանը։
Explore ԵՓԵՍԱՑԻՍ 6:1