1
ԾՆՆԴՈՑ 24:12
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, իմ տիրոջս Աբրահամին Աստուածը, կ’աղաչեմ քեզի, յաջողութիւն տուր ինծի այսօր եւ իմ տիրոջս Աբրահամին բարերարութիւն ըրէ։
Vergelyk
Verken ԾՆՆԴՈՑ 24:12
2
ԾՆՆԴՈՑ 24:14
Եւ երբ աղջկան մը ըսեմ՝ ‘Շնորհք ըրէ, սափորդ իջեցուր որպէս զի խմեմ’ ու անիկա ըսէ թէ՝ ‘Խմէ ու քու ուղտերուդ ալ խմցնեմ’, անիկա թող ըլլայ քու Իսահակ ծառայիդ համար սահմանածդ եւ ասով գիտնամ թէ իմ տիրոջս բարերարութիւն ըրիր»։
Verken ԾՆՆԴՈՑ 24:14
3
ԾՆՆԴՈՑ 24:67
Իսահակ զանիկա իր մօրը Սառային վրանը տարաւ ու առաւ Ռեբեկան, որ իր կինը եղաւ եւ ինք սիրեց զանիկա։ Ու Իսահակ մխիթարուեցաւ իր մօրը վրայով։
Verken ԾՆՆԴՈՑ 24:67
4
ԾՆՆԴՈՑ 24:60
Եւ օրհնեցին Ռեբեկան ու ըսին անոր. «Դուն մեր քոյրն ես. հազարաւոր բիւրերու մայր ըլլաս եւ քու սերունդդ իր թշնամիներուն քաղաքները ժառանգէ»։
Verken ԾՆՆԴՈՑ 24:60
5
ԾՆՆԴՈՑ 24:3-4
Եւ քեզ երդմնցնեմ Տէրոջմով, որ երկնքի ու երկրի Աստուածն է, որ իմ որդիիս կին չառնես Քանանացիներու աղջիկներէն, որոնց մէջ ես կը բնակիմ. Հապա իմ երկիրս ու իմ ազգականներուս երթաս ու իմ որդիիս Իսահակին անկէ կին առնես»։
Verken ԾՆՆԴՈՑ 24:3-4