1
ՄԱՏԹԷՈՍ 21:22
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
Ամէն ինչ որ աղօթքի մէջ հաւատքով կը խնդրէք, պիտի առնէք»։
Vergelyk
Verken ՄԱՏԹԷՈՍ 21:22
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 21:21
Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. եթէ հաւատք ունենաք ու չերկմտիք, ոչ միայն այդ թզենիին եղածը պիտի ընէք, հապա նաեւ եթէ այս լերանը ըսէք ‘Ելի՛ր ու ծովը ինկիր’, պիտի իյնայ։
Verken ՄԱՏԹԷՈՍ 21:21
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 21:9
Ժողովուրդը առջեւէն ու ետեւէն կ’երթար, կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի։ Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ. Ովսա՛ննա ի բարձունս»։
Verken ՄԱՏԹԷՈՍ 21:9
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 21:13
եւ ըսաւ անոնց. «Գրուած է թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի’. բայց դուք ատիկա աւազակներու այր ըրիք»։
Verken ՄԱՏԹԷՈՍ 21:13
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 21:5
«Ըսէք Սիօնի աղջկան. ‘Ահա քու Թագաւորդ քեզի կու գայ, հեզ ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի, վրայ’»։
Verken ՄԱՏԹԷՈՍ 21:5
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 21:42
Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր գրքին մէջ, ‘Այն քարը զոր շինողները անարգեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ’։ Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ զարմանալի է մեր աչքերուն։
Verken ՄԱՏԹԷՈՍ 21:42
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 21:43
Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ։
Verken ՄԱՏԹԷՈՍ 21:43
Tuisblad
Bybel
Leesplanne
Video's