ՅՈՎՆԱՆՈՒ 2
2
ՅՈՎՆԱՆԻՆ ԱՂՕԹՔԸ
1Յովնան ձուկին փորէն իր Տէր Աստուծոյն աղօթք ըրաւ 2Ու ըսաւ.
«Իմ նեղութենէս Տէր, քեզի աղաղակեցի
Եւ դուն ինծի պատասխան տուիր։
Գերեզմանին փորէն կանչեցի
Ու իմ ձայնս լսեցիր։
3Վասն զի զիս ծովերուն մէջ, անդունդը նետեցիր
Ու հեղեղները զիս պաշարեցին.
Կոհակներն ու ալիքները իմ վրայէս անցան»։
4Ու ես ըսի.
«Քու աչքերուդ առջեւէն վռնտուեցայ,
Բայց տակաւին քու սուրբ տաճարիդ պիտի նայիմ»։
5Զիս մինչեւ հոգիս ջուրերը պաշարեցին,
Անդունդը ամէն կողմէն զիս շրջապատեց,
Կնիւները գլուխս փաթթուեցան։
6Լեռներուն տակերը իջայ,
Երկիրը իր նիգերովը իմ բոլորտիքս էր,
Բայց դուն իմ կեանքս գուբէն հանեցիր,
Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։
7Երբ հոգիս իմ մէջս մարեցաւ, Տէ՛ր, քեզ յիշեցի
Ու իմ աղօթքս քեզի՝ քու սուրբ տաճարդ՝ հասաւ։
8Սուտ ունայնութիւններու նայողները
Իրենց ողորմութիւնը թողուցին,
9Բայց ես շնորհակալութեան ձայնով քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ
Ու ըրած ուխտս պիտի կատարեմ։
Փրկութիւնը Տէրոջմէն է»։
10Եւ Տէրը ձուկին հրաման ըրաւ, ան ալ Յովնանը ցամաքը փսխեց։
Одоогоор Сонгогдсон:
ՅՈՎՆԱՆՈՒ 2: WARMB
Тодруулга
Хувилах
Харьцуулах
Хуваалцах
Тодруулсан зүйлсээ бүх төхөөрөмждөө хадгалмаар байна уу? Бүртгүүлэх эсвэл нэвтэрнэ үү
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.