ԵԶԵԿԻԷԼԻ 38
38
ԳՈԳԸ ՈՐՊԷՍ ԳՈՐԾԻՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
1Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 2«Որդի՛ մարդոյ, երեսդ դէպի Մագոգի երկիրը եղող Ռովսի, Մոսոքի ու Թոբէլի իշխանին՝ Գոգին դարձուր եւ անոր վրայով մարգարէութիւն ըրէ՛ 3Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Գոգ՝ Ռովսի, Մոսոքի ու Թոբէլի իշխան։ 4Քեզ պիտի շրջապատեմ եւ քու կզակներուդ կարթեր պիտի անցընեմ ու քեզ եւ քու բոլոր բանակդ պիտի հանեմ, ձիերն ու ձիաւորները, ամէնքն ալ կատարելապէս հագուած եւ վահանաւորներուն ու ասպարաւորներուն մեծ խումբը՝ բոլորն ալ սուր բռնող. 5Անոնց հետ Պարսիկները, Եթովպիացիներն ու Փուդացիները, ամէնքն ալ ասպարաւոր ու սաղաւարտաւոր, 6Նաեւ Գոմեր ու անոր բոլոր գունդերը, Թորգոմի տունը հիւսիսի ծայրերէն ու անոր բոլոր գունդերը, շատ ժողովուրդներ, քեզի հետ պիտի հանեմ’։
7‘Պատրա՛ստ եղիր եւ քեզ ու քու քովդ հաւաքուած բոլոր ժողովուրդը պատրաստէ ու դուն անոնց պահապան եղիր։ 8Շատ օրերէն ետքը #38:8 Եբր., պիտի համրուիսքու զօրքերդ պիտի համրես՝ ՝ ու տարիներ յետոյ պիտի գաս այն երկրին վրայ որ սուրէն ազատուած է եւ այն ժողովուրդին վրայ, որ շատ ազգերէ հաւաքուած է Իսրայէլի լեռներուն վրայ, որոնք մշտնջենապէս աւերակ էին. բայց անոնք ազգերէն հաւաքուելով՝ ապահովութեամբ պիտի բնակին։ 9Իսկ դուն մրրիկի պէս պիտի ելլես գաս ու երկիրը ծածկելու համար ամպի պէս պիտի ըլլաք, դուն եւ քու բոլոր գունդերդ ու շատ ժողովուրդներ քեզի հետ’»։
10Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն օրը քու միտքդ բաներ պիտի գան ու չար խորհուրդ մը պիտի մտածես 11Ու պիտի ըսես. «Անպարիսպ գիւղերուն երկիրը ելլեմ, հանգստութեան մէջ եղողներուն, ապահովութեամբ բնակողներուն վրայ երթամ. անոնք անպարիսպ տեղեր կը բնակին եւ նիգեր ու դռներ չունին», 12Որպէս զի իբր աւար յափշտակես եւ կողոպտես եւ քու ձեռքդ՝ բնակուած եւ աւերուած տեղերու վրայ ու ազգերէն հաւաքուած եւ խաշինք ու ապրանք ստացած ու երկրին բարձր տեղերը բնակող ժողովուրդին վրայ դարձնես։ 13Սաբան ու Դեդան եւ Թարսիսի վաճառականները ու անոր բոլոր առոյգ առիւծները քեզի պիտի ըսեն. ‘Միթէ աւար յափշտակելո՞ւ եկար. կողոպտելո՞ւ համար քու ժողովուրդդ հաւաքեցիր, որպէս զի արծաթ ու ոսկի վերցնես, խաշինք ու ապրանք առնես, մեծ աւար յափշտակես’։
14«Անոր համար մարգարէութիւն ըրէ՛, որդի՛ մարդոյ ու Գոգին ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն օրը, երբ իմ ժողովուրդս Իսրայէլը ապահովութեամբ բնակի՝ դուն պիտի իմանաս 15Քու տեղէդ՝ հիւսիսի ծայրերէն՝ պիտի գաս, դուն ու քեզի հետ շատ ժողովուրդներ՝ ամէնքը ձիեր հեծած, մեծ բազմութեամբ ու շատ զօրքով 16Եւ իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլին վրայ ամպի պէս երկիրը պիտի ծածկես։ Ասիկա վերջին օրերը պիտի ըլլայ ու քեզ իմ երկրիս վրայ պիտի բերեմ, որպէս զի ազգերը զիս ճանչնան, երբ ես անոնց աչքերուն առջեւ քեզմով #38:16 Եբր., սրբուիմփառաւորուիմ, ո՛վ Գոգ’»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԻԺԸ ԳՈԳԻՆ
17Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Դուն անիկա՞ ես, որ քեզի համար ժամանակին՝ այն օրերը ու տարիները մարգարէութիւն ընող Իսրայէլի մարգարէներուն՝ իմ ծառաներուս՝ միջոցով ըսի թէ ‘Քեզ անոնց վրայ պիտի բերեմ’։ 18‘Այն օրը, Գոգին Իսրայէլի երկրին վրայ եկած օրը, կ’ըսէ Տէր Եհովան, իմ սրտմտութիւնս #38:18 Կամ, բարկութիւնովս պիտի ելլէերեսս պիտի ելլէ։ 19Իմ նախանձովս, իմ բարկութեանս կրակովը խօսեցայ, որ այն ատեն անշուշտ Իսրայէլի երկրին վրայ մեծ խռովութիւն պիտի ըլլայ. 20Ծովուն ձուկերն ու երկնքի թռչունները եւ դաշտի գազաններն ու գետնի վրայ սողացող բոլոր սողունները ու երկրի երեսին վրայ եղող բոլոր մարդիկը իմ երեսէս պիտի խռովին եւ լեռները պիտի փլչին ու ժայռերը գահավէժ պիտի իյնան ու բոլոր պարիսպները գետինը պիտի իյնան։ 21Անոր դէմ՝ իմ բոլոր լեռներուս վրայ սուրը պիտի կանչեմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Մարդուն սուրը իր եղբօրը վրայ պիտի ըլլայ։ 22Զայն ժանտախտով ու արիւնով պիտի դատեմ եւ անոր վրայ ու անոր զօրքերուն գունդերուն վրայ ու անոր հետ եղող ժողովուրդներուն վրայ յորդահոս անձրեւ ու կարկուտի քարեր, կրակ ու ծծումբ պիտի տեղան։ 23Եւ շատ ազգերու առջեւ պիտի փառաւորուիմ ու սրբուիմ եւ ճանչցուիմ ու պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը’»։
Одоогоор Сонгогдсон:
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 38: WARMB
Тодруулга
Хувилах
Харьцуулах
Хуваалцах
Тодруулсан зүйлсээ бүх төхөөрөмждөө хадгалмаар байна уу? Бүртгүүлэх эсвэл нэвтэрнэ үү
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.