ԵԶԵԿԻԷԼԻ 26

26
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՏԻՒՐՈՍԻՆ ԴԷՄ
1Տասնըմէկերորդ տարին, ամսուան առաջին օրը, 2Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, որովհետեւ Տիւրոս Երուսաղէմի համար ըսաւ՝ ‘Վա՜շ, ժողովուրդներուն դռները կոտրեցան, անոր ամէն բանը ինծի փոխանցուեցաւ, անոր անապատ դառնալովը ես պիտի լեցուիմ’. 3Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Տիւրոս ու քու վրադ շատ ազգեր պիտի բարձրացնեմ, ինչպէս ծովը իր ալիքները կը բարձրացնէ 4Եւ անոնք Տիւրոսի պարիսպները պիտի աւերեն ու անոր աշտարակները պիտի փլցնեն։ Ես անոր հողը անկէ պիտի աւլեմ եւ զանիկա չոր ապառաժի պիտի վերածեմ։ 5Անիկա ծովուն մէջ ուռկաններ փռելու տեղ պիտի ըլլայ, վասն զի ես խօսեցայ’, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ ‘Անիկա ազգերուն աւար պիտի ըլլայ 6Եւ անոր աղջիկները որոնք դաշտի մէջ են, սուրով պիտի սպաննուին’։ Մարդիկ պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։
7Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես հիւսիսէն Տիւրոսի վրայ պիտի բերեմ թագաւորներու թագաւորը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը, ձիերով, կառքերով, ձիաւորներով, բազմութիւնով ու շատ ժողովուրդով։ 8Անիկա քու աղջիկներդ դաշտի մէջ սուրով պիտի մեռցնէ եւ քեզի դէմ մարտկոց պիտի շինէ ու քեզի դէմ հողաբլուր պիտի կանգնեցնէ ու քեզի դէմ վահան պիտի վերցնէ 9Եւ քու պարիսպներուդ դէմ իր պատերազմական մեքենաները պիտի դնէ ու իր տապարներովը քու աշտարակներդ պիտի փլցնէ։ 10Անոր ձիերուն բազմութենէն փոշին քեզ պիտի ծածկէ. ձիաւորներուն ու անիւններուն եւ կառքերուն ձայնէն քու պարիսպներդ պիտի սասանին, երբ ինք քու դռներէդ մտնէ՝ պարիսպը փլած քաղաքի մէջ մտնողներու պէս։ 11Քու բոլոր փողոցներդ իր ձիերուն սմբակները պիտի կոխկռտեն, քու ժողովուրդդ սուրով պիտի սպաննէ եւ քու ամուր բերդերդ գետնի հաւասար պիտի ըլլան։ 12Քու հարստութիւնդ պիտի թալլեն ու ապրանքներդ պիտի կողոպտեն եւ քու պարիսպներդ պիտի փլցնեն ու գեղեցիկ տուներդ պիտի քակեն։ Քու քարերդ, փայտերդ ու հողդ ջուրերուն մէջ պիտի ձգեն։ 13Եւ քու երգերուդ աղաղակը պիտի դադրեցնեմ ու քու քնարներուդ ձայնը անգամ մըն ալ պիտի չլսուի։ 14Եւ քեզ չոր ապառաժի պիտի վերածեմ, ուռկաններ փռելու տեղ պիտի ըլլաս, անգամ մըն ալ պիտի չշինուիս. վասն զի ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ»։
15Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ Տիւրոսին. «Միթէ քու կործանումիդ ձայնէն կղզիները պիտի չսասանի՞ն, երբ քու մէջդ կոտորած ըլլալով՝ վիրաւորները հեծեն։ 16Այն ատեն ծովուն բոլոր իշխանները իրենց աթոռներուն վրայէն պիտի իջնեն եւ իրենց պատմուճանները պիտի հանեն ու իրենց զարդարուն հանդերձներէն պիտի մերկանան, սուգի հագուստ պիտի հագնին, գետնի վրայ պիտի նստին եւ ամէն վայրկեան պիտի սարսափին ու քու վրայովդ պիտի ապշին 17Եւ քու վրայովդ ողբ #26:17 Եբր., վերցնելովընելով՝ քեզի պիտի ըսեն. ‘Ինչպէ՜ս կործանեցար, ո՛վ ծովաբնակ անուանի քաղաք, որ ծովուն մէջ զօրաւոր էիր’։ Դուն ու քու բնակիչներդ, որ ծովեզերքին բոլոր բնակիչներէն աւելի ահարկու էիք։ 18Հիմա քու կործանումիդ օրը կղզիները պիտի դողան ու ծովու մէջ եղող կղզիները քու բնաջինջ ըլլալուդ վրայով պիտի ապշին’»։
19Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Երբ քեզ աւերեմ այն քաղաքներուն պէս, որոնք բնակիչ չունին եւ քու վրադ անդունդը հանեմ ու շատ ջուրեր քեզ ծածկեն 20Եւ քեզ գուբը իջնողներուն հետ հին ժողովուրդին իջեցնեմ ու քեզ գուբը իջնողներուն հետ գետնին տակերը, յաւիտենկաան աւերակներուն մէջ նստեցնեմ, այնպէս որ անգամ մըն ալ մէկը մէջդ չբնակի, այն ատեն ես կենդանիներու երկիրը պիտի փառաւորեմ։ 21Ամենէն պիտի սոսկաս ու պիտի ոչնչանաս, պիտի փնտռուիս, բայց յաւիտեան պիտի չգտնուիս»։

Одоогоор Сонгогдсон:

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 26: WARMB

Тодруулга

Хувилах

Харьцуулах

Хуваалцах

None

Тодруулсан зүйлсээ бүх төхөөрөмждөө хадгалмаар байна уу? Бүртгүүлэх эсвэл нэвтэрнэ үү