ԵԶԵԿԻԷԼԻ 24

24
ԺԱՆԳՈՏԱԾ ԿԱԹՍԱՆ
1Իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, ամսուան տասներորդ օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 2«Որդի՛ մարդոյ, դուն քեզի այս օրուան անունը՝ ճիշդ այս օրը գրէ. Բաբելոնի թագաւորը ճիշդ այս օրը Երուսաղէմի մօտեցաւ։ 3Այն ապստամբներուն տանը առակ մը ըսէ, թէ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Կաթսան դիր ու մէջն ալ ջուր լեցուր։ 4Անոր կտորները, ամենէն աղէկ կտորները՝ ազդրը եւ ուսը՝ անոր մէջ դի՛ր ու զանիկա ընտիր ոսկորներով լեցուր։ 5Ոչխարներուն ընտիրները ա՛ռ ու ոսկորներն ալ տակը դիզէ՛, զանիկա խիստ շատ եռացո՛ւր, այնպէս որ մէջի ոսկորներն ալ խաշին’»։
6Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Վա՜յ արիւնահեղ քաղաքին, այն կաթսային, որուն ժանգը իր մէջն է ու ժանգը մէջէն ելած չէ. զանիկա իր մէջի կտորներովը հանէ՛, անոր վրայ թող վիճակ ձգուի. 7Վասն զի անոր արիւնը իր մէջն է։ Զանիկա չոր ապառաժի վրայ դրաւ, զանիկա գետնի վրայ չթափեց, որ զանիկա հողով ծածկէ։ 8Իմ սրտմտութիւնս գրգռելու ու վրէժ առնելու համար՝ անոր արիւնը չոր ապառաժի վրայ դրի, որպէս զի չծածկուի»։ 9Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Վա՜յ արիւնահեղ քաղաքին, ես ալ կրակին դէզը պիտի մեծցնեմ’։ 10Փայտերը շատցո՛ւր, կրակը բռնկեցո՛ւր, որպէս զի միսը հալի, համեմներ ալ դի՛ր, որ ոսկորները այրին։ 11Ետքը պարապ կաթսան ածուխի վրայ դիր, որպէս զի պղինձը տաքնայ ու այրի ու մէջի պղծութիւնը հալի ու ժանգը հատնի։ 12Անիկա աշխատութիւնով զիս յոգնեցուց ու անոր ժանգը չելաւ, անոր ժանգը կրակով չելաւ։ 13Քու անմաքրութեանդ մէջ պղծութիւն կայ, որովհետեւ քեզ #24:13 Եբր., մաքրեցիմաքրելու աշխատեցայ՝ ՝, բայց դուն չմաքրուեցար, այսուհետեւ քու անմաքրութենէդ պիտի չմաքրուիս, մինչեւ որ իմ բարկութիւնս քու վրադ թափեմ։ 14Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ, ան պիտի գայ ու զանիկա պիտի կատարեմ, #24:14 Կամ, պիտի չձգեմ իմ դիտաւորութիւնսպիտի չներեմ՝ ՝ ու պիտի չխնայեմ եւ պիտի չզղջամ. քու ճամբաներուդ ու քու գործերուդ համեմատ պիտի դատուիս’։
ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ԿՆՈՋ ՄԱՀԸ
15Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 16«Որդի՛ մարդոյ, ահա ես հարուածով մը քու աչքերուդ ցանկութիւնը քեզմէ պիտի առնեմ, որ չ’ողբաս ու չի լաս եւ քու աչքերէդ արցունք թող չի գայ։ 17Լռութեամբ ըլլայ քու հեծութիւնդ, մեռելի սուգ մի՛ բռներ. քու ապարօշդ գլուխդ փաթթէ, հաւաքէ՛, կօշիկներդ հագի՛ր ու շրթունքդ մի՛ ծածկեր եւ մարդոց հացը մի՛ ուտեր»։
18Առաւօտուն ժողովուրդին խօսեցայ ու իրիկունը կինս մեռաւ ու հետեւեալ առաւօտուն ինծի հրամայուածը ըրի։ 19Ժողովուրդը ինծի ըսաւ. «Մեզի չե՞ս բացատրեր թէ այս բաներէն ի՞նչ պիտի իմանանք»։
20Ես անոնց ըսի. «Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով՝ Իսրայէլի տանը ըսէ՛, 21Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես իմ սրբարանս, ձեր զօրութեանը պարծանքը, ձեր աչքերուն ցանկութիւնը ու ձեր հոգիին խնայածը պիտի պղծեմ եւ ձեր թողուցած տղաքներն ու աղջիկները սուրով պիտի իյնան։ 22Դուք իմ ըրածիս պէս պիտի ընէք. ձեր շրթունքները պիտի չծածկէք, մարդոց հացը պիտի չուտէք 23Ու ձեր ապարօշները գլուխնիդ եւ ձեր կօշիկները ոտքերնիդ պիտի ըլլան. պիտի չողբաք ու պիտի չլաք, հապա ձեր անօրէնութիւններովը պիտի մաշիք եւ իրարու հետ պիտի հեծեծէք։ 24Եզեկիէլ ձեզի նշան մըն է. դուք անոր բոլոր ըրածին պէս պիտի ընէք ու երբ ասիկա ըլլայ, պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէր Եհովան’։
25Եւ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, երբ ես անոնցմէ առնեմ անոնց զօրութիւնը, անոնց պարծանքի ցնծութիւնը, անոնց աչքերուն ցանկութիւնն ու անոնց հոգիին սիրած տղաքներն ու աղջիկները, 26Ահա այն օրը փախստական մը քեզի պիտի գայ եւ քու ականջներուդ պիտի պատմէ։ 27Այն օրը քու բերանդ պիտի բացուի փախստականին քով ու պիտի խօսիս եւ ա՛լ համր պիտի չըլլաս ու դուն անոնց նշան պիտի ըլլաս ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։

Одоогоор Сонгогдсон:

ԵԶԵԿԻԷԼԻ 24: WARMB

Тодруулга

Хувилах

Харьцуулах

Хуваалцах

None

Тодруулсан зүйлсээ бүх төхөөрөмждөө хадгалмаар байна уу? Бүртгүүлэх эсвэл нэвтэрнэ үү