ՍԱՂՄՈՍ 92

92
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
Շաբաթ օրուան համար Սաղմոս ու երգ
1Բարի է գոհանալ Տէրոջմէն
Ու սաղմոս ըսել քու անուանդ, ո՛վ Բարձրեալ,
2Առտուները՝ քու ողորմութիւնդ
Ու գիշերները քու հաւատարմութիւնդ պատմել
3Տասը լար ունեցող նուագարանով ու տաւիղով
Եւ քնարի ձայնով։
4Վասն զի դուն, ո՛վ Տէր, քու գործովդ զիս ուրախացուցիր.
Քու ձեռքերուդ գործերովը պիտի ցնծամ։
5Ո՛վ Տէր, որքա՜ն մեծ են քու գործերդ,
Շատ խորունկ են քու խորհուրդներդ։
6Անմիտ մարդը ասիկա չ’իմանար
Ու յիմարը չի հասկնար։
7Թէ՝ ամբարիշտներուն խոտի պէս բուսնիլը
Ու բոլոր անօրէնութիւն գործողներուն ծաղկիլը
Իրենց յաւիտենական կորուստին կը տանին։
8Բայց դուն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան բարձր ես։
9Վասն զի ահա քու թշնամիներդ, ո՛վ Տէր,
Վասն զի ահա քու թշնամիներդ պիտի կորսուին,
Բոլոր անօրէնութիւն գործողները պիտի ցրուին,
10Բայց իմ եղջիւրս միեղջերուին եղջիւրին պէս պիտի բարձրացնես։
Եւ նոր իւղով օծուեցայ
11Եւ իմ աչքերս թշնամիներուս կորուստը տեսան,
Իմ ականջներս ինծի դէմ ելնող չարագործներուն կրած պատիժը լսեցին։
12Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի,
Լիբանանի եղեւինի պէս պիտի մեծնայ։
13Տէրոջը տանը մէջ տնկուածները
Մեր Աստուծոյն սրահներուն մէջ պիտի ծաղկին,
14Ծերութեան ատեն ալ պտուղ պիտի տան,
Պարարտ ու կանանչ պիտի մնան,
15Որպէս զի պատմեն թէ Տէրը ուղիղ է։
Անիկա իմ Վէմս է ու անիրաւութիւն չկայ անոր քով։

Արդեն Ընտրված.

ՍԱՂՄՈՍ 92: WARMB

Ընդգծել

Պատճենել

Համեմատել

Կիսվել

None

Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք