ՍԱՂՄՈՍ 84
84
ԲԱՂՁԱՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏԱՆԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Կորխի որդիներուն Սաղմոսը
1Ի՜նչպէս սիրելի են քու բնակարաններդ,
Ո՛վ զօրաց Տէր։
2Իմ անձս կը փափաքի ու նաեւ կը մարի
Տէրոջը սրահներուն համար։
Իմ սիրտս ու մարմինս ցնծութեամբ կ’աղաղակեն
Կենդանի Աստուծոյն։
3Ճնճղուկն ալ տուն գտաւ
Ու ծիծեռնակը իրեն բոյն՝ իր ձագերը դնելու համար,
Քու սեղաններուդ քով, ո՛վ զօրաց Տէր,
Իմ Թագաւորս ու Աստուածս։
4Երանի՜ անոնց որ քու տանդ մէջ կը բնակին։
Անոնք անդադար քեզ պիտի օրհնեն։ (Սէլա։)
5Երանի՜ այն մարդոց, որոնց զօրութիւնը քեզմէ է
Ու իրենց սրտին մէջ տանդ ճամբաները կան։
6Արտասուաց հովիտէն անցնելով աղբիւրի պէս կ’ընեն զանիկա։
Առաջին անձրեւն ալ #84:6 Կամ, աւազանները կը լեցնէօրհնութիւնով պիտի ծածկէ զանիկա՝ ՝։
7Անոնք զօրութենէ զօրութիւն պիտի երթան,
Մինչեւ որ Սիօնի մէջ Աստուծոյ առջեւ երեւնան.
8Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած, լսէ՛ իմ աղօթքս,
Ականջ դի՛ր, ո՛վ Յակոբին Աստուածը։ (Սէլա։)
9Ո՛վ մեր վահանը Աստուած, տե՛ս
Ու քու օծեալիդ երեսին նայէ՛։
10Վասն զի քու սրահներուդ մէջ
Մէկ օրը ուրիշ տեղի հազարէն աղէկ է։
Աւելի նախընտրեցի իմ Աստուծոյս տանը շեմին վրայ կենալ,
Քան թէ ամբարիշտներու վրաններուն մէջ բնակիլ։
11Քանզի Տէր Աստուածը արեւ ու վահան է.
Տէրը շնորհք ու փառք պիտի տայ։
Բարութիւն մը պիտի չպակսեցնէ
Ուղղութեամբ քալողներէն։
12Ո՛վ զօրաց Տէր,
Երանելի՜ է քեզի յուսացող մարդը։
Արդեն Ընտրված.
ՍԱՂՄՈՍ 84: WARMB
Ընդգծել
Պատճենել
Համեմատել
Կիսվել
Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.