ՍԱՂՄՈՍ 82

82
ԱՍՏՈՒԱԾ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԻՇԽՈՂԸ
Սաղմոս Ասափի
1Աստուած կայնած է աստուածային ժողովին մէջ,
# 82:1 Կամ, դատաւորներուն Աստուածներուն մէջ դատաստան կը տեսնէ։
2«Մինչեւ ե՞րբ անիրաւութեամբ պիտի դատէք
Ու ամբարիշտներուն աչառութիւն պիտի ընէք։ (Սէլա։)
3Արդար դատաստան ըրէք աղքատին ու որբին,
Խեղճին ու չքաւորին իրաւունքը պաշտպանեցէ՛ք։
4Փրկեցէ՛ք աղքատը ու տնանկը,
Ամբարիշտներուն ձեռքէն ազատեցէ՛ք զանոնք»։
5Չեն իմանար ու չեն հասկնար,
Խաւարի մէջ կը պտըտին։
Երկրի բոլոր հիմերը շարժեցան։
6Ես ըսի. «Դուք աստուածներ էք.
Ու դուք ամէնքդ Բարձրեալին որդիներն էք,
7Բայց մարդոց պէս պիտի մեռնիք
Ու իշխաններէն մէկուն պէս պիտի իյնաք»։
8Ելի՛ր, ո՛վ Աստուած, դատէ՛ երկիրը
Վասն զի բոլոր ազգերը քեզի կը պատկանին։

Արդեն Ընտրված.

ՍԱՂՄՈՍ 82: WARMB

Ընդգծել

Պատճենել

Համեմատել

Կիսվել

None

Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք