ՍԱՂՄՈՍ 79
79
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱԶԳԻՆ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Ասափի
1Ո՛վ Աստուած, հեթանոսները քու ժառանգութեանդ մէջ մտան,
Քու սուրբ տաճարդ պղծեցին,
Երուսաղէմը աւերակներու դարձուցին։
2Քու ծառաներուդ դիակները
Երկնքի թռչուններուն կերակուր տուին,
Քու սուրբերուդ մարմինը՝ երկրի գազաններուն։
3Անոնց արիւնը ջուրի պէս թափեցին Երուսաղէմի շուրջը
Ու մէկը չկար որ զանոնք թաղէր։
4Մեր դրացիներուն նախատինք եղանք,
Ծաղր ու ծանակ՝ մեր շուրջը եղողներուն։
5Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր, միշտ պիտի բարկանա՞ս.
Քու նախանձդ կրակի պէս պիտի բորբոքի՞։
6Թափէ՛ քու բարկութիւնդ այն ազգերուն վրայ,
Որոնք քեզ չեն ճանչնար
Ու այն թագաւորութիւններուն վրայ,
Որոնք քու անունդ չեն կանչեր։
7Վասն զի Յակոբը կերան
Ու անոր բնակութիւնը աւերակ դարձուցին։
8Մի՛ յիշեր մեր առաջուան անօրէնութիւնները.
Թող շուտով հասնին մեզի քու ողորմութիւններդ,
Վասն զի խիստ թշուառացանք։
9Քու անուանդ փառքին համար
Օգնէ՛ մեզի, ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը։
Քու անուանդ համար փրկէ՛ մեզ
Ու մեր մեղքերը քաւէ՛։
10Ինչո՞ւ ըսեն հեթանոսները. «Ո՞ւր է անոնց Աստուածը»։
Թող քու ծառաներուդ թափուած արեան վրէժը
Մեր աչքերուն առջեւ յայտնուի հեթանոսներուն մէջ։
11Կապուածին հառաչանքը քու առջեւդ թո՛ղ ելլէ։
Քու զօրութեանդ մեծութիւնովը,
Մահուան մատնուածները ապրեցո՛ւր
12Ու եօթնապատիկ հատուցում ըրէ՛ մեր դրացիներուն իրենց ծոցին մէջ
Այն նախատինքին փոխարէն, որով քեզ անարգեցին, ո՛վ Տէր։
13Բայց մենք քու ժողովուրդդ ու քու արօտիդ ոչխարները,
Յաւիտեան քեզ պիտի գովենք
Ու քու փառքդ պիտի պատմենք սերունդէ սերունդ։
Արդեն Ընտրված.
ՍԱՂՄՈՍ 79: WARMB
Ընդգծել
Պատճենել
Համեմատել
Կիսվել
Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.