ՍԱՂՄՈՍ 62

62
ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎՐԱՅ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1Յիրաւի իմ անձս լռիկ միայն Աստուծոյ կը սպասէ։
Անկէ է իմ փրկութիւնս.
2Յիրաւի ա՛ն է իմ վէմս ու փրկութիւնս.
Իմ ապաւէնս է, բնաւ պիտի չսասանիմ։
3Մինչեւ ե՞րբ մարդու վրայ պիտի յարձակիք.
Դուք ամէնքդ, որպէս զի կոտրտէք զանիկա,
Ծռած պատի ու խախտած ցանկապատի պէս։
4Արդարեւ իր բարձրութենէն ձգել կը ծրագրեն,
Ստութիւն կը սիրեն.
Իրենց բերնովը կ’օրհնեն.
Բայց իրենց սրտովը կ’անիծեն։ (Սէլա։)
5Ո՛վ իմ անձս, միայն Աստուծոյ սպասէ,
Վասն զի անկէ է իմ յոյսս։
6Յիրաւի ան է իմ վէմս ու փկութիւնս.
Իմ ապաւէնս է։ Պիտի չսասանիմ։
7Աստուծմէ է իմ փրկութիւնս ու փառքս։
Իմ զօրութեանս վէմը ու իմ ապաւէնս Աստուած է։
8Ամէն ժամանակ անոր յուսացէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդ.
Անոր առջեւ սրտերնիդ բացէք,
Քանզի Աստուած ապաւէն է մեզի։ (Սէլա։)
9Արդարեւ ռամիկ մարդիկը փուճ են,
Ազնուական մարդիկը սուտ են։
Եթէ կշիռքի մէջ դրուելու ըլլան,
Ամէնքն ալ ունայնութենէն թեթեւ են։
10Հարստահարութեան մի՛ յուսաք,
Յափշտակութեան վրայ փուճ յոյս մի՛ դնէք.
Հարստութիւնը եթէ շատնայ,
Սրտերնիդ թող չվստահի անոր։
11Մէկ անգամ խօսեցաւ Աստուած.
Երկու անգամ լսեցի ասիկա,
Թէ զօրութիւնը Աստուծոյ կը պատկանի։
12Ողորմութիւնն ալ քուկդ է, ո՛վ Տէր,
Վասն զի ամէն մէկուն իր գործին համեմատ հատուցում կ’ընես։

Արդեն Ընտրված.

ՍԱՂՄՈՍ 62: WARMB

Ընդգծել

Պատճենել

Համեմատել

Կիսվել

None

Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք