ՍԱՂՄՈՍ 58
58
ԱՂՕԹՔ ՉԱՐԸ ՊԱՏԺԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը
1Իրաւցընէ #58:1 Կամ, արդեօքանբարբառ արդարութի՞ւն կը խօսիք,
Ուղղութիւնով դատաստա՞ն կը տեսնէք, ո՛վ մարդոց որդիներ։
2Արդարեւ սրտով անօրէնութիւններ կը գործէք,
Երկրի վրայ ձեռքերով բռնութիւն կը բանեցնէք։
3Ամբարիշտները իրենց մօրը արգանդէն խոտորեցան,
Որովայնէն մոլորեցան եւ սուտ խօսեցան։
4Անոնց թոյնը օձի թոյնի պէս է,
Խուլ իժի պէս, որ կը գոցէ իր ականջները,
5Որ չի լսեր թովիչներուն ձայնը,
Թէեւ վարպետութեամբ կը հմայեն։
6Ո՛վ Աստուած, անոնց ակռաները իրենց բերաններուն մէջ փշրէ։
Ո՛վ Տէր, առիւծի կորիւններուն ժանիքները կոտրտէ։
7Թող անոնք հալին ջուրերու պէս, որ կը հոսին.
Երբ իրենց աղեղները լարեն, թող կոտրտին։
8Խխունջի պէս՝ որ քալած ատենը կը հալի,
Կնոջ մը վիժած զաւակին պէս արեւը չտեսնեն։
9Ձեր կաթսաներուն՝ փուշերուն կրակը զգալէն առաջ,
Թէ՛ թարմ եւ թէ՛ այրուող փուշերը փոթորիկով պիտի ցրուէ։
10Արդարը պիտի ուրախանայ, երբ վրէժխնդրութիւնը տեսնէ.
Իր ոտքերը ամբարշտին արիւնին մէջ պիտի լուայ։
11Ու մարդը պիտի ըսէ. «Իրաւցընէ արդարին համար վարձք կայ.
Իրաւցընէ Աստուած կայ, որ երկրի վրայ դատաւոր է»։
Արդեն Ընտրված.
ՍԱՂՄՈՍ 58: WARMB
Ընդգծել
Պատճենել
Համեմատել
Կիսվել
Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.