ՍԱՂՄՈՍ 47
47
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԻՇԽՈՂԸ
Կորխի որդիներուն Սաղմոսը
1Ծափ զարկէ՛ք, ժողովուրդնե՛ր,
Ցնծութեան ձայնով Աստուծոյ աղաղակեցէ՛ք։
2Վասն զի Տէրը Բարձրեալ եւ Ահարկու է.
Բոլոր երկրի վրայ Մեծ Թագաւոր է։
3Ժողովուրդները մեզի կը հնազանդեցնէ
Ու ազգերը մեր ոտքերուն տակ կը դնէ։
4Ընտրեց մեզի մեր ժառանգութիւնը,
Յակոբին փառաւորութիւնը՝ որ ինք սիրեց։ (Սէլա։)
5Աստուած ցնծութիւնով վեր ելաւ,
Տէրը՝ փողի ձայնով։
6Սաղմոս երգեցէ՛ք Աստուծոյ, սաղմոս երգեցէ՛ք.
Սաղմոս երգեցէք մեր Թագաւորին. սաղմոս երգեցէ՛ք.
7Վասն զի Աստուած թագաւոր է բոլոր երկրի վրայ։
Երգ երգեցէ՛ք անոր։
8Աստուած ազգերուն վրայ կը թագաւորէ,
Աստուած կը նստի իր սուրբ աթոռին վրայ։
9Ժողովուրդին իշխանները հաւաքուեցան
Աբրահամին Աստուծոյն ժողովուրդին հետ
Վասն զի երկրին ասպարները Աստուծոյն են.
Ինք խիստ բարձրացած է։
Արդեն Ընտրված.
ՍԱՂՄՈՍ 47: WARMB
Ընդգծել
Պատճենել
Համեմատել
Կիսվել
Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.