ՍԱՂՄՈՍ 20
20
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1Նեղութեան օրը Տէրը պատասխանէ քեզի,
Յակոբին Աստուծոյն անունը քեզ պաշտպանէ.
2Օգնութիւն ղրկէ քեզի սուրբ տեղէն
Ու Սիօնէն զօրացնէ քեզ։
3Քու ամէն ընծաներդ յիշէ
Եւ քու ողջակէզներդ ընդունի։ (Սէլա։)
4Քու սրտիդ համեմատ քեզի տայ
Եւ քու ամէն խորհուրդներդ կատարէ։
5Քու փրկութիւնովդ պիտի ուրախանանք
Ու մեր Աստուծոյն անունովը դրօշակը վերցնենք։
Տէրը կատարէ քու ամէն խնդրուածքներդ։
6Հիմա գիտցայ թէ Տէրը կը պահէ իր օծեալը,
Անոր պատասխան կու տայ իր սուրբ երկնքէն՝
Իր աջ ձեռքին փրկութեան ուժովը։
7Ոմանք՝ կառքերու եւ ոմանք ալ ձիերու կ’ապաւինին,
Բայց մենք մեր Տէր Աստուծոյն անունը պիտի յիշենք։
8Անոնք կորացան ու ինկան,
Բայց մենք ելանք ու շիտակ կանգնեցանք։
9 # 20:9 Կամ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛. Թագաւորը մեզի պատասխան տայ մեր կանչելու օրը Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ թագաւորը,
Պատասխան տուր մեզի մեր կանչելու օրը՝ ՝։
Արդեն Ընտրված.
ՍԱՂՄՈՍ 20: WARMB
Ընդգծել
Պատճենել
Համեմատել
Կիսվել
Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.