ՍԱՂՄՈՍ 14

14
ՄԱՐԴՈՑ ԱՆՕԳՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ թէ՝ «Աստուած չկայ»։
Ապականեցան ու պիղծ գործեր ըրին.
Մէկը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։
2Տէրը երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն,
Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը,
Որ Աստուած փնտռէ։
3Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան.
Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ։
4Միթէ չե՞ն ճանչնար բոլոր անօրէնութիւն ընողները,
Որոնք հաց ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ’ուտեն
Ու Տէրոջը չեն կանչեր.
5Այն ատեն շատ վախցան.
Քանզի Աստուած արդարներուն ազգին մէջ է։
6Աղքատին խորհուրդը շփոթեցուցիք,
# 14:6 Կամ, քանզի Սակայն անոր յոյսը Տէրն է։
7Երանի՜ թէ Սիօնէն գար Իսրայէլին փրկութիւնը.
Տէրը իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝
Յակոբ պիտի ցնծայ ու Իսրայէլ ուրախ պիտի ըլլայ։

Արդեն Ընտրված.

ՍԱՂՄՈՍ 14: WARMB

Ընդգծել

Պատճենել

Համեմատել

Կիսվել

None

Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք