ՍԱՂՄՈՍ 124

124
ԱՍՏՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՊԱՀԱՊԱՆ
Դաւիթին աստիճաններուն երգը
1Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլար
Հիմա Իսրայէլ թող ըսէ՝
2Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլար,
Երբ մարդիկ մեր վրայ ելան,
3Այն ատեն ողջ ողջ պիտի կլլէին մեզ,
Երբ անոնց բարկութիւնը մեր վրայ բորբոքած էր։
4Այն ատեն ջուրերը մեզ պիտի ընկղմէին,
Հեղեղը մեր անձերուն վրայէն պիտի անցնէր.
5Այն ատեն փրփրած ջուրերը
Մեր անձերուն վրայէն պիտի անցնէին։
6Օրհնեալ ըլլայ Տէրը,
Որ մեզ անոնց ակռաներուն որս չտուաւ։
7Մեր անձերը ճնճղուկի պէս որսորդներուն որոգայթէն ազատեցան.
Որոգայթը կոտրուեցաւ ու մենք ազատեցանք։
8Մեր օգնութիւնը Տէրոջը անունովն է,
Որ երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։

Արդեն Ընտրված.

ՍԱՂՄՈՍ 124: WARMB

Ընդգծել

Պատճենել

Համեմատել

Կիսվել

None

Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք