ՍԱՂՄՈՍ 12
12
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1Ո՛վ Տէր, փրկէ, վասն զի սուրբ չմնաց.
Վասն զի հաւատարիմները մարդոց որդիներուն մէջէն պակսեցան։
2Ամէն մարդ սուտ կը խօսի իր ընկերին.
Շողոքորթող շրթունքներով ու կրկին սրտով կը խօսին։
3Տէրը պիտի կտրէ բոլոր շողոքորթող շրթունքները
Ու մեծախօս լեզուն,
4Որոնք ըսին թէ՝ «Մեր լեզուներով պիտի յաղթենք,
Մեր շրթունքները մերն են։ Մեր վրայ ո՞վ պիտի տիրէ»։
5«Աղքատներուն զրկանքին ու տնանկներուն հեծութեանը համար
Հիմա պիտի ելլեմ, կ’ըսէ Տէրը,
Ազատութեան մէջ պիտի դնեմ զանիկա, որուն կը բաղձայ»։
6Տէրոջը խօսքերը մաքուր խօսքեր են.
Հողէ բովքի մէջ զտուած,
Եօթը անգամ մաքրուած արծաթի պէս են։
7Ո՛վ Տէր, դուն պիտի պահես զանոնք
Ու պիտի պաշտպանես այս ազգէն մինչեւ յաւիտեան։
8Ամբարիշտները ամէն կողմ կը պտըտին,
Երբ մարդոց որդիներուն մէջ անարգները բարձրանան։
Արդեն Ընտրված.
ՍԱՂՄՈՍ 12: WARMB
Ընդգծել
Պատճենել
Համեմատել
Կիսվել
Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.