ՍԱՂՄՈՍ 113
113
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
1Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը ծառաներ,
Օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը,
2Օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը
Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։
3Արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք
Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրոջը անունը։
4Տէրը բարձր է բոլոր ազգերուն վրայ.
Անոր փառքը երկնքէն վեր է։
5Մեր Տէր Աստուծոյն պէս ո՞վ կայ,
Որ բարձրութեան մէջ կը բնակի.
6Որ երկնքի ու երկրի մէջ եղած բաները
Տեսնելու համար կը խոնարհի,
7Որ աղքատը փոշիէն վեր կը վերցնէ
Ու տնանկը աղբանոցէն կը բարձրացնէ,
8Որպէս զի զանոնք նստեցնէ իշխաններուն հետ՝
Իր ժողովուրդին իշխաններուն հետ,
9Որ ամուլ կինը տունը կը բնակեցնէ
Ու որդիներու ուրախ մայրը կ’ընէ։ Ալէլուիա՜։
Արդեն Ընտրված.
ՍԱՂՄՈՍ 113: WARMB
Ընդգծել
Պատճենել
Համեմատել
Կիսվել
Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.