ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 28
28
ՄԵԼԻՏԷ
1Երբ ազատեցան, հասկցան թէ այն կղզիին անունը #28:1 Հիմա, ՄալթաՄելիտէ էր։ Եւ բնիկները քիչ մարդասիրութիւն չցուցուցին մեզի. 2Վասն զի կրակ վառեցին եւ մեզ ամէնքս ալ ընդունեցին՝ մեր վրայ հասած անձրեւին ու ցուրտին համար։ 3Երբ Պօղոս շատ մը խռիւ ժողվեց եւ կրակին վրայ դրաւ, տաքութենէն իժ մը ելաւ, անոր ձեռքը բռնեց։ 4Բնիկներն ալ, երբ այն գազանը տեսան անոր ձեռքէն կախուած՝ իրարու ըսին. «Անշուշտ ասիկա մարդասպան մըն է, որ թէպէտ ծովէն ազատեցաւ, բայց արդարութիւնը թող չտուաւ որ ապրի»։ 5Իսկ անիկա գազանը կրակին մէջ թօթուելով՝ իրեն վնաս մը չեղաւ։ 6Բնիկները կը սպասէին որ անիկա ուռենայ, կամ յանկարծակի մեռած իյնայ. բայց շատ սպասեցին ու տեսան որ անոր վնաս մը չեղաւ, կարծիքնին փոխելով՝ ըսին թէ՝ ‘աստուած մըն է’։ 7Այն տեղին բոլորտիքը կղզիին գլխաւոր մարդուն ագարակները կը գտնուէին, որուն անունը Պոպղիոս էր։ Ան մեզ ընդունեց եւ երեք օր հիւրասիրութեամբ մեզ իրեն քով պահեց։ 8Պոպղիոսի հայրը ջերմով եւ թանչքով հիւանդացած պառկած էր։ Պօղոս անոր քով մտաւ եւ աղօթք ընելով ձեռքերը անոր վրայ դրաւ ու բժշկեց զանիկա։ 9Ու երբ ասիկա եղաւ, ուրիշ հիւանդներ, որոնք այն կղզիին մէջ էին, կու գային եւ կը բժշկուէին։ 10Անոնք շատ պատիւներով ալ մեզ պատուեցին ու մեր երթալու ատենը պէտք եղած բաները տուին։
ՄԵԼԻՏԷԷՆ ՀՌՈՎՄ
11Երեք ամիս յետոյ Աղեքսանդրիական նաւով մը ճամբայ ելանք, որ ձմեռը այն կղզին անցուցեր էր ու Դիոսկուրացիներու նշանը ունէր։ 12Սիրակուսա հասնելով՝ երեք օր հոն կեցանք։ 13Անկէ ալ պտոյտ մը ընելով՝ Հռեգիոն հասանք։ Մէկ օր յետոյ երբ հարաւ սկսաւ փչել, երկու օրէն Պատիողոս հասանք։ 14Հոն եղբայրներ գտանք, որոնք աղաչեցին որ եօթը օր իրենց քով մնանք ու ետքը Հռովմ ելլենք։ 15Եղբայրները, երբ մեր վրայով լսեցին, մեզ դիմաւորելու ելան մինչեւ Ապփիոսի վաճառանոցը ու Երեք պանդոկները։ Պօղոս զանոնք տեսնելով՝ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ եւ սիրտ առաւ։
ՀՌՈՎՄԻ ՄԷՋ
16Երբ Հռովմ մտանք, հարիւրապետը կապուածները զօրապետին յանձնեց. իսկ Պօղոսին հրաման եղաւ, որ իր պահապան զինուորին քով կենայ։ 17Երեք օր յետոյ ան Հրեաներուն գլխաւորները կանչեց ու երբ մէկտեղ եկան, ըսաւ անոնց. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես ժողովուրդին կամ հայրենական սովորութիւններու դէմ բան մը չըրած, Երուսաղէմէն կապուած՝ Հռովմայեցիներուն մատնուեցայ, 18Որոնք երբ զիս քննեցին, ուզեցին որ արձակեն, վասն զի իմ վրաս մեռնելու յանցանք մը չկար։ 19Բայց երբ Հրեաները հակառակ կեցան, պէտք եղաւ որ Կայսրին բողոքեմ, ո՛չ թէ իմ ազգիս դէմ ամբաստանութիւն մը ունեցողի պէս։ 20Ուստի այս պատճառաւ աղաչեցի որ ձեզ տեսնեմ ու ձեզի խօսիմ. վասն զի Իսրայէլի յոյսին համար ես այս շղթան վրաս կը կրեմ»։ 21Անոնք ալ ըսին իրեն. «Մենք քու վրայովդ Հրէաստանէն ո՛չ թուղթեր առինք եւ ո՛չ եղբայրներէն մէկը հոս գալով՝ քու վրայովդ չարութիւն մը պատմեց կամ խօսեցաւ։ 22Բայց կ’աղաչենք, որ քեզմէ լսենք թէ դուն ի՞նչ մտքի վրայ ես. վասն զի մենք այդ աղանդին վրայով տեղեկացած ենք, որ ամէն տեղ ատոր դէմ կը խօսին»։ 23Օր մը որոշելով, շատեր գացին իր բնակած տեղը, որոնց Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը ծանուցանէր վկայութիւնով եւ կը համոզէր զանոնք Յիսուսին վրայով Մովսէսին օրէնքին ու մարգարէներէն սորվիլ, առաւօտէն մինչեւ իրիկուն։ 24Ոմանք հաւատացին ըսածներուն, ոմանք չհաւատացին։ 25Եւ իրարու հետ չմիաբանած՝ գացին, երբ Պօղոս խօսք մը ըսաւ. «Սուրբ Հոգին աղէկ խօսեցաւ մեր հայրերուն, Եսայի մարգարէին միջոցով 26Եւ ըսաւ. «Գնա՛ այս ժողովուրդին եւ ըսէ՝ ‘Լսելով պիտի լսէք՝ ու պիտի չիմանաք եւ տեսնելով պիտի տեսնէք՝ ու պիտի չտեսնէք. 27Վասն զի այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ եւ իրենց ականջներովը ծանր լսեցին ու աչքերնին գոցեցին, որ չըլլայ թէ իրենց աչքերովը տեսնեն ու ականջներովը լսեն եւ սրտերովը իմանան ու դարձի գան եւ ես բժշկեմ զանոնք’։ 28Ուստի յայտնի ըլլայ ձեզի թէ Աստուծոյ փրկութիւնը հեթանոսներուն ղրկուեցաւ եւ անոնք մտիկ պիտի ընեն»։ 29#28:29 Ոմանք չունին այս v 29. համարըՈւ երբ ասիկա ըսաւ, Հրեաները դուրս ելան, իրարու հետ վիճելով։ 30Պօղոս լման երկու տարի իր վարձքով բռնած տունը կեցաւ։ 31Բոլոր եկողները կ’ընդունէր։ 32Կը քարոզէր Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայով՝ առանց արգիլուելու՝ կը սորվեցնէր կատարեալ համարձակութեամբ։
Արդեն Ընտրված.
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 28: WARMB
Ընդգծել
Կիսվել
Համեմատել
Պատճենել
Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.