ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 21

21
ՊՕՂՈՍ Կ’ԵՐԹԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
1Երբ ելանք ու անոնցմէ զատուեցանք, շիտակ նաւելով Կով հասանք ու միւս օրը՝ Հռոդոն ու անկէ՝ Պատարա։ 2Եւ նաւ մը գտանք, որ Փիւնիկէ կ’երթար։ Անոր մէջ մտնելով՝ ճամբայ ելանք։ 3Եւ երբ Կիպրոս երեւցաւ, զանիկա ձախ կողմերնիս թողելով՝ դէպի Սուրիա նաւեցինք եւ Տիւրոս հասանք, վասն զի նաւը հոն պիտի թափէր իր բեռը։ 4Եւ աշակերտներ գտնելով՝ եօթը օր հոն կեցանք, որոնք Սուրբ Հոգիով կ’ըսէին Պօղոսին որ Երուսաղէմ չելլէ։ 5Երբ այն օրերը անցուցինք, ելանք ու կ’երթայինք. ամէնքն ալ, կիներով ու տղաքներով, մինչեւ քաղաքէն դուրս մեզ ճամբեցուցին։ Ծովուն եզերքը ծունկի գալով աղօթք ըրինք 6Ու իրարու հրաժարական ողջոյն տալով՝ մենք նաւը ելանք, անոնք ալ տեղերնին դարձան։ 7Իսկ մենք Տիւրոսէ զատուելով եւ ծովու ճամբորդութիւնը լմնցնելով՝ Պտողէմայիս հասանք ու եղբայրները բարեւելով՝ օր մը անոնց քով կեցանք։ 8Հետեւեալ օրը #21:8 Ոմանք կ’աւելցնեն, մենք որ Պօղոսին ընկերներն էինքանկէ ելանք ու Կեսարիա գացինք եւ Փիլիպպոս աւետարանիչին տունը մտնելով, որ եօթնէն մէկն էր, անոր քով կեցանք։ 9Անիկա չորս կոյս աղջիկ ունէր, որոնք մարգարէութիւն կ’ընէին։ 10Հոն բաւական կեցանք։ Այդ ատենները Հրէաստանէն մարգարէ մը հասաւ՝ Ագաբոս անունով։ 11Երբ մեզի եկաւ, Պօղոսին գօտին առնելով իր ձեռքերն ու ոտքերը կապեց եւ ըսաւ. «Այսպէս կ’ըսէ Սուրբ Հոգին. ‘Այն մարդը՝ որունն է այս գօտին, այսպէս պիտի կապեն Հրեաները Երուսաղէմի մէջ ու հեթանոսներուն պիտի մատնեն’»։ 12Երբ ասիկա լսեցինք, աղաչեցինք մենք ալ, տեղացիներն ալ, որ Երուսաղէմ չելլէ։ 13Իսկ Պօղոս պատասխան տուաւ. «Ի՞նչ կ’ընէք, ինչո՞ւ կու լաք ու իմ սիրտս կը ճմլէք. քանզի ես ո՛չ միայն Երուսաղէմի մէջ կապուելու, հապա նաեւ մեռնելու ալ պատրաստ եմ Տէր Յիսուսի անուանը համար»։ 14Երբ ինք մտիկ չըրաւ, լուռ կեցանք ու ըսինք. «Տէրոջը կամքը թող ըլլայ»։
15Քանի մը օր յետոյ պատրաստուելով Երուսաղէմ ելանք։ 16Կեսարացի աշակերտներէն ալ մի քանիներ մեզի հետ էին եւ մեզ տարին նախկին աշակերտի մը՝ Կիպրացի Մնասոնին, որուն քով պիտի կենայինք։
ՊՕՂՈՍ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՅԱԿՈԲՈՍԻՆ
17Երբ Երուսաղէմ մտանք, եղբայրները ուրախութեամբ ընդունեցին մեզ։ 18Հետեւեալ օրը Պօղոս մեզի հետ Յակոբոսին քով գնաց ու բոլոր երէցներն ալ եկան։ 19Եւ զանոնք բարեւելով մէկիկ մէկիկ կը պատմէր ինչ որ Աստուած հեթանոսներուն ըրաւ իր ծառայութիւնովը։ 20Անոնք ալ լսելով՝ փառք տուին #21:20 Ոմանք, ԱստուծոյՏէրոջը եւ ըսին իրեն. «Կը տեսնե՞ս, ե՛ղբայր, քանի՛ բիւրաւոր հաւատացեալ Հրեաներ կան, որոնք ամէնքն ալ օրէնքին նախանձաւոր են։ 21Բայց քու վրայովդ իմացան թէ դուն բոլոր հեթանոսներուն մէջ եղած Հրեաներուն Մովսէսէն ապստամբիլ կը սորվեցնես, ըսելով որ տղաքնին չթլփատեն եւ սովորութիւններուն համեմատ չվարուին։ 22Արդ՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ. անշուշտ բազմութիւն մը պիտի հաւաքուի, վասն զի պիտի լսեն թէ եկեր ես։ 23Ուստի ըրէ ինչ որ քեզի կ’ըսենք։ Մեր քով չորս մարդ կայ, որոնք ուխտ ըրած են. 24Զանոնք ա՛ռ, իրենց հետ մաքրուէ եւ անոնց համար ծախք ըրէ, որ իրենց գլուխը ածիլեն, որպէս զի ամէնքն ալ գիտնան թէ քու վրայովդ իմացած բաներնին սխալ է, այլ դուն ալ մեզի հետ օրէնքը կը պահես։ 25Բայց հաւատքը ընդունող հեթանոսներուն համար մենք թուղթով իմացուցինք մեր որոշումը, որ անոնք բնաւ այսպիսի բաներ չպահեն. միայն թէ զգուշանան կուռքերու զոհուածէ ու արիւնէ եւ խեղդուածէ ու պոռնկութենէ»։ 26Այն ատեն Պօղոս այն մարդիկը առաւ ու հետեւեալ օրը անոնց հետ մաքրուած՝ տաճարը մտաւ, մաքրութեան օրերուն լմննալը ցուցնելու համար, մինչեւ որ իւրաքանչիւրին համար պատարագ մատուցուեցաւ։
ՊՕՂՈՍ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԻ
27Եօթը օրերը լմննալու վրայ էին, երբ Ասիացի Հրեաները զանիկա տաճարին մէջ տեսնելով՝ բոլոր բազմութիւնը գրգռեցին եւ զայն բռնելով՝ կը կանչուըռտէին. 28«Իսրայէլացի՛ մարդիկ, օգնութեան հասէք։ Աս այն մա՛րդն է՝ որ ամէն տեղ ժողովուրդին եւ օրէնքին ու այս տեղին դէմ բան կը սորվեցնէ ամենուն. նոյնիսկ տաճարին մէջ Յոյներ ալ մտցուց եւ այս սուրբ տեղը պղծեց». 29(Վասն զի նախապէս Եփեսացի Տրոփիմոսը իրեն հետ քաղաքին մէջ տեսեր էին եւ կը կարծէին թէ Պօղոս զանիկա տաճարը մտցուց.) 30Ու բոլոր քաղաքը շարժեցաւ եւ ժողովուրդը դիզուեցաւ ու բռնեցին Պօղոսը տաճարէն դուրս քաշեցին եւ շուտ մը դռները գոցուեցան։ 31Ու երբ անոնք կ’ուզէին զանիկա սպաննել, լուր հասաւ գունդին հազարապետին թէ բոլոր Երուսաղէմը իրար անցեր է։ 32Ան ալ անմիջապէս զինուորներ եւ հարիւրապետներ առած անոնց վրայ վազեց։ Անոնք ալ հազարապետը եւ զինուորները տեսնելով՝ Պօղոսը ծեծելէ դադարեցան։ 33Այն ատեն հազարապետը մօտենալով բռնեց զանիկա եւ հրաման ըրաւ որ կրկին շղթայով կապեն ու կը հարցնէր թէ՝ անիկա ո՞վ է ու ի՞նչ ըրեր է։ 34Բազմութեանը մէջէն մէկը՝ մէկ կերպ ու միւսը ուրիշ կերպ բան կը կանչուըռտէին։ Երբ չկրցաւ այն շփոթութենէն ստոյգը գիտնալ, հրաման ըրաւ որ զանիկա բերդը տանին։ 35Ու երբ սանդուխը հասաւ, այնպէս պատահեցաւ որ զինուորները վեր վերցնեն զանիկա, ժողովուրդին բռնութեանը համար. 36Վասն զի ժողովուրդին բազմութիւնը ետեւէն կ’երթար ու կ’ըսէին. «Վերցո՛ւր ատիկա»։
ՊՕՂՈՍԻՆ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
37Երբ Պօղոս բերդը մտնելու վրայ էր, հազարապետին ըսաւ. «Արդեօք կարելի՞ է որ քեզի բան մը խօսիմ»։ Ան ալ ըսաւ. «Յունարէն գիտե՞ս. 38Չէ՞ որ դուն այն Եգիպտացին ես, որ քիչ ժամանակ առաջ չորս հազար #21:38 Յուն., սիկարեան, այսինքն, դաշնակակիր մարդասպանսրիկայ մարդիկ ապստամբեցուցիր, անապատը հանեցիր»։ 39Պօղոս ալ ըսաւ. «Ես Հրեայ մարդ մըն եմ Կիլիկիոյ Տարսոնէն, ո՛չ թէ աննշան քաղաքացի մը ու կ’աղաչեմ քեզի ինծի հրաման տուր որ ժողովուրդին խօսիմ»։
40Երբ անիկա հրաման տուաւ, Պօղոս սանդուխին վրայ կայնելով՝ ձեռքը շարժեց ժողովուրդին ու երբ լման լռութիւն եղաւ Եբրայեցերէն լեզուով խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ.

Արդեն Ընտրված.

ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 21: WARMB

Ընդգծել

Կիսվել

Համեմատել

Պատճենել

None

Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք