ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 12
12
ԱՒԵԼԻ ՀԱԼԱԾԱՆՔ
1Այն ատենները Հերովդէս թագաւորը սկսաւ եկեղեցիէն մէկ քանիները չարչարել։ 2Յովհաննէսին եղբայրը՝ Յակոբոսը սրով սպաննեց։ 3Տեսնելով որ Հրեաներուն հաճելի է, Պետրոսն ալ բռնեց։ Բաղարջակերացի օրերն էին։ 4Երբ զանիկա բռնեց, բանտը դրաւ եւ չորս կարգ չորսական զինուորներու յանձնեց, որպէս զի պահեն եւ կ’ուզէր զատկէն յետոյ ժողովուրդին հանել զանիկա։ 5Պետրոս բանտին մէջ պահուած էր, բայց եկեղեցին անդադար աղօթք կ’ընէր Աստուծոյ՝ անոր համար։
ՊԵՏՐՈՍ Կ’ԱԶԱՏԻ ԲԱՆՏԷՆ
6Հերովդէս կ’ուզէր զանիկա յաջորդ օրը դուրս բերել, բայց այն գիշերը Պետրոս երկու զինուորներու մէջտեղ կը քնանար կրկին շղթաներով կապուած։ Պահապանները դրանը առջեւ բանտին կը հսկէին։ 7Յանկարծ Տէրոջը հրեշտակը եկաւ քովը կայնեցաւ։ Տանը մէջ լոյս մը ծագեցաւ։ Հրեշտակը Պետրոսին կողը խթելով՝ արթնցուց զանիկա ու ըսաւ. «Շուտով ելի՛ր»։ Շղթաները անոր ձեռքերէն վար ինկան։ 8Հրեշտակը ըսաւ անոր. «Գօտիդ կապէ՛ ու հողաթափներդ հագիր»։ Անիկա ալ այնպէս ըրաւ։ Հրեշտակը ըսաւ անոր. «Հանդերձդ վրադ ա՛ռ ու եկո՛ւր իմ ետեւէս»։ 9Ան ալ ելլելով անոր ետեւէն կ’երթար, բայց չէր գիտեր թէ այն հրեշտակին ըրածը իրակա՞ն է, հապա կը կարծէր թէ տեսիլք կը տեսնէ։ 10Երբ անոնք առաջին ու երկրորդ պահապաններէն անցան, եկան մինչեւ երկաթէ դուռը, որ քաղաքին մէջ կը հանէր, ինքնիրմէ բացուեցաւ։ Անկէ ելլելով՝ փողոց մը անցան, հրեշտակն ալ իսկոյն անկէ զատուեցաւ։ 11Պետրոս ինքզինքին գալով՝ ըսաւ. «Հիմա ճշմարտապէս գիտեմ, թէ Տէրը իր հրեշտակը ղրկեց եւ ազատեց զիս Հերովդէսին ձեռքէն ու Հրէից ժողովուրդին բոլոր ակնկալութենէն»։ 12Այսպէս մտածելով՝ գնաց Մարկոս ըսուած Յովհաննէսին մօրը Մարիամին տունը, ուր շատեր հաւաքուած աղօթք կ’ընէին։ 13Երբ տանը դուրսի դուռը #12:13 Ոմանք, Պետրոս զարկաւզարկաւ, Հռովդէ անունով աղախին մը գնաց ականջ դնելու. 14Պետրոսին ձայնը ճանչցաւ, ուրախութենէն դուռը չբացաւ, հապա ներս վազելով յայտնեց. «Պետրոս դրանը առջեւ կայներ է»։ 15Իսկ անոնք ըսին անոր. «Խենդեցե՞ր ես»։ Բայց ինք կը պնդէր։ Անոնք ալ կ’ըսէին. «Անոր հրեշտակը պիտի ըլլայ»։ 16Սակայն Պետրոս անդադար կը զարնէր ու երբ բացին, զինք տեսնելով ապշեցան։ 17Բայց անիկա ձեռքով նշան ըրաւ անոնց՝ որ լուռ կենան ու պատմեց անոնց թէ ի՛նչպէս Տէրը զինք բանտէն հանեց եւ ըսաւ. «Ասիկա Յակոբոսին ու եղբայրներուն պատմեցէք»։ Ինք ելաւ ուրիշ տեղ գնաց։ 18Առտուն, մեծ խռովութիւն ծագեցաւ զինուորներուն մէջ՝ թէ արդեօք ի՞նչ եղաւ Պետրոս։ 19Հերովդէս ալ երբ ուզեց զանիկա ու չգտաւ, պահապանները հարցուփորձ ընելով՝ հրաման ըրաւ որ սպաննուին։ Պետրոս Հրէաստանէն Կեսարիա գնաց ու հոն կեցաւ։
ՀԵՐՈՎԴԷՍԻՆ ՄԱՀԸ
20Հերովդէս խիստ թշնամացած էր Տիւրացիներուն ու Սիդոնացիներուն։ Անոնք ալ միաբանութեամբ եկան ու թագաւորին Բղաստոս սենեկապետը համոզելով՝ հաշտութիւն խնդրեցին. վասն զի իրենց երկիրը թագաւորին երկրէն ապրուստ կ’առնէր։ 21Եւ որոշուած օր մը Հերովդէս թագաւորական հանդերձը հագած ու ատեանը նստած՝ անոնց ատենաբանութիւն կ’ընէր։ 22Ժողովուրդն ալ կ՛աղաղակէր թէ ‘Ատիկա Աստուծոյ ձայն է, ո՛չ թէ մարդու’։ 23Իսկոյն Տէրոջը հրեշտակը զանիկա զարկաւ, Աստուծոյ փառք չտալուն համար եւ որդնալից ըլլալով՝ մեռաւ։
24Աստուծոյ խօսքը կ’աճէր ու կը շատնար։ 25Բառնաբաս ու Սօղոս երբ իրենց յանձնուած պաշտօնը լմնցուցին, Երուսաղէմէն դարձան, Մարկոս ըսուած Յովհաննէսն ալ իրենց հետ առնելով։
Արդեն Ընտրված.
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 12: WARMB
Ընդգծել
Կիսվել
Համեմատել
Պատճենել
Ցանկանու՞մ եք պահպանել ձեր նշումները ձեր բոլոր սարքերում: Գրանցվեք կամ մուտք գործեք
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.