1
ՄԱՏԹԷՈՍ 11:28
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 11:28
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 11:29
Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք.
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 11:29
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 11:30
Վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 11:30
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 11:27
Ամէն բան ինծի տրուեցաւ իմ Հօրմէս ու մէկը չի ճանչնար Որդին, բայց Հայրը եւ մէ՛կը չի ճանչնար Հայրը, բայց Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 11:27
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 11:4-5
Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Գացէք պատմեցէք Յովհաննէսին ինչ որ կը լսէք ու կը տեսնէք. Կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն ու աղքատներուն աւետարան կը քարոզուի։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 11:4-5
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 11:15
Ան որ լսելու ականջ ունի, թող լսէ։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 11:15