1
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:16
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Ահա ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ ոչխարներ գայլերու մէջ. ուստի օձերու պէս խորագէտ եղէք եւ աղաւնիներու պէս միամիտ։
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 10:16
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:39
Ան որ իր անձը կը գտնէ, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ան որ իր անձը ինծի համար կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 10:39
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:28
Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել. հապա աւելի անկէ վախցէք, որ կրնայ հոգին ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 10:28
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:38
Ան որ իր խաչը չառներ ու իմ ետեւէս գար, ինծի արժանի չէ։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 10:38
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:32-33
Ա՛րդ՝ ով որ մարդոց առջեւ զիս կը դաւանի, ես ալ զանիկա պիտի դաւանիմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է։ Եւ ով որ մարդոց առջեւ զիս կ’ուրանայ, ես ալ զանիկա պիտի ուրանամ իմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 10:32-33
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:8
Հիւանդները բժշկեցէք, բորոտները մաքրեցէք, դեւերը հանեցէք. ձրի առեր էք, ձրի տուէք։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 10:8
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:31
Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 10:31
8
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:34
«Մի՛ կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութիւն ձգելու եկայ։ Խաղաղութիւն ձգելու չեկայ, հապա՝ սուր։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 10:34