1
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:23
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, միտք կ’առնէ եւ պտուղ կու տայ, ո՛րը հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն ու ո՛րը՝ երեսուն»։
Karşılaştır
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:23 keşfedin
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:22
Փուշերուն մէջ ցանուածը այն է որ երբ կը լսէ խօսքը, աշխարհիս զբաղմունքը եւ հարստութեան խաբէութիւնը խօսքը կը խեղդեն ու կ’ըլլայ անպտուղ
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:22 keşfedin
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:19
Ամէն ով որ թագաւորութեան խօսքը կը լսէ ու միտք չառներ, չարը կու գայ ու անոր սրտին մէջ ցանուածը կը յափշտակէ։ Ասիկա այն է որ ճամբուն քով ցանուեցաւ։
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:19 keşfedin
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:20-21
Ապառաժոտ տեղերու վրայ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, շուտ մը ուրախութեամբ կ’ընդունի զանիկա։ Բայց իր մէջ արմատ չունենալով, քիչ ժամանակ կը տեւէ ու երբ նեղութիւն կամ հալածանք ըլլայ խօսքին համար, շուտ մը կը գայթակղի։
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:20-21 keşfedin
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:44
«Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը արտի մէջ պահուած գանձի մը նման է, որ մարդ մը գտնելով՝ կը ծածկէ եւ ուրախութենէն կ’երթայ բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու այն արտը կը գնէ»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:44 keşfedin
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:8
Ուրիշներ ինկան աղէկ հողի մէջ ու պտուղ տուին ո՛րը մէկուն տեղ հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն եւ ո՛րը՝ երեսուն։
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:8 keşfedin
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:30
Թող տուէ՛ք որ երկուքն ալ մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքի ատենը’։ Եւ հունձքի ատենը հնձողներուն պիտի ըսեմ. ‘Առաջ որոմը քաղեցէք, խուրձ խուրձ կապեցէք այրելու համար, իսկ ցորենը իմ ամբարս ժողվեցէք’»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:30 keşfedin
Ana Sayfa
Kutsal Kitap
Okuma Planları
Videolar