1
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:7
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
WA2017
«Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի։
Yenzanisa
Ongorora {{vhesi}}
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:8
Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ, եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր։
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:24
«Արդ ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը կատարէ զանոնք, զանիկա պիտի նմանցնեմ խելացի մարդու մը՝ որ իր տունը վէմի վրայ շինեց։
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:12
Ուստի ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը ու մարգարէները»։
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:14
Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուածք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:13
«Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:11
Ուստի եթէ դուք որ չար էք, ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, ո՜րչափ աւելի ձեր Հայրը որ երկինքն է, բարի բաներ պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն։
8
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:1-2
«Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք անով պիտի չափուի ձեզի։
9
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:26
Այն որ այս իմ խօսքերս կը լսէ ու չի կատարեր, կը նմանի անխելք մարդու մը՝ որ իր տունը աւազի վրայ շինեց։
10
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:3-4
Եւ ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր։ Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ, ‘Թող տուր աչքէդ շիւղը հանեմ’. եւ ահա քու աչքիդ մէջ գերան կայ։
11
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:15-16
«Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն յափշտակող գայլեր են։ Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ Միթէ փուշերէն խաղող կը քաղե՞ն, կամ տատասկէն՝ թուզ։
12
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:17
Այսպէս ամէն բարի ծառ բարի պտուղ կու տայ եւ չար ծառ չար պտուղ կու տայ։
13
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:18
Բարի ծառը չի կրնար չար պտուղ տալ, ոչ ալ չար ծառը բարի պտուղ տալ։
14
ՄԱՏԹԷՈՍ 7:19
Ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի տար, կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի։