1
ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3:17
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է, Անիկա քեզ պիտի փրկէ։ Անիկա քեզի համար ուրախութեամբ պիտի զուարճանայ Ու իր սիրովը քեզի թողութիւն պիտի տայ Եւ քու վրադ ցնծութեամբ պիտի ուրախանայ։
Харьцуулах
ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3:17 г судлах
2
ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3:20
Այն ատեն ձեզ ետ պիտի բերեմ, Այն ատեն ձեզ պիտի հաւաքեմ Եւ երկրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ ձեզ անուանի ու գովելի պիտի ընեմ, Երբ ձեր գերութիւնը ձեր աչքերուն առջեւ դադրեցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3:20 г судлах
3
ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3:15
Տէրը քու դատապարտութիւնդ հեռացուց քեզմէ, Քու թշնամիդ վռնտեց. Իսրայէլի թագաւորը՝ Տէրը՝ քու մէջդ է, Անգամ մըն ալ չարիք պիտի չտեսնես։
ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3:15 г судлах
4
ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3:19
Ահա ես այն ժամանակ բոլոր քեզ նեղողները պիտի սպառեմ։ Կաղը պիտի ազատեմ ու վռնտուածը պիտի հաւաքեմ։ Զանոնք գովելի ու անուանի պիտի ընեմ Այն բոլոր երկիրներուն մէջ ուր նախատինք կրեր էին։
ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3:19 г судлах