1
ՄԱՐԿՈՍ 4:39-40
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Ու ելլելով՝ սաստեց հովին եւ ծովուն ըսաւ. «Դադարէ՛, լո՛ւռ կեցիր»։ Հովը դադարեցաւ եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ։ Ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ հաւատք չունիք»։
Харьцуулах
ՄԱՐԿՈՍ 4:39-40 г судлах
2
ՄԱՐԿՈՍ 4:41
Անոնք խիստ վախցան ու ըսին իրարու. «Արդեօք ո՞վ է ասիկա, որ հովն ու ծովը ասոր կը հնազանդին»։
ՄԱՐԿՈՍ 4:41 г судлах
3
ՄԱՐԿՈՍ 4:38
Ինք նաւուն ետեւի կողմը բարձի վրայ կը քնանար. արթնցուցին զանիկա եւ ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, հոգդ չէ՞ որ կը կորսուինք»։
ՄԱՐԿՈՍ 4:38 г судлах
4
ՄԱՐԿՈՍ 4:24
Յետոյ ըսաւ անոնց. «Նայեցէք, ի՞նչ կը լսէք. ի՛նչ չափով որ դուք կը չափէք, նոյն չափովը պիտի չափուի ձեզի եւ ձեզի որ կը լսէք, պիտի աւելնայ։
ՄԱՐԿՈՍ 4:24 г судлах
5
ՄԱՐԿՈՍ 4:26-27
Ապա կ’ըսէր. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը այնպէս է, որպէս թէ մարդ մը հողին մէջ սերմ ցանէ Ու քնանայ եւ արթննայ գիշեր ու ցորեկ եւ սերմը բուսնի ու մեծնայ ու ինք չի գիտեր թէ ի՛նչպէս։
ՄԱՐԿՈՍ 4:26-27 г судлах
6
ՄԱՐԿՈՍ 4:23
Եթէ մէկը լսելու ականջ ունի, թող լսէ»։
ՄԱՐԿՈՍ 4:23 г судлах