1
ՄԱՐԿՈՍ 13:13
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք։ Բայց ո՛վ որ մինչեւ վերջը համբերէ՝ անիկա պիտի ապրի։
Харьцуулах
ՄԱՐԿՈՍ 13:13 г судлах
2
ՄԱՐԿՈՍ 13:33
Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք եւ աղօթք ըրէք, վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է։
ՄԱՐԿՈՍ 13:33 г судлах
3
ՄԱՐԿՈՍ 13:11
Բայց երբ ձեզ մատնելու տանին, առաջուընէ հոգ մի՛ ընէք եւ մի՛ մտածէք թէ ի՛նչ պիտի խօսիք, հապա այն ժամուն ինչ որ ձեզի տրուի՝ զանիկա խօսեցէք. վասն զի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա Սուրբ Հոգին»։
ՄԱՐԿՈՍ 13:11 г судлах
4
ՄԱՐԿՈՍ 13:31
Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։
ՄԱՐԿՈՍ 13:31 г судлах
5
ՄԱՐԿՈՍ 13:32
«Իսկ այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, ո՛չ երկնքի մէջ եղող հրեշտակները եւ ո՛չ Որդին. հապա՝ միայն Հայրը։
ՄԱՐԿՈՍ 13:32 г судлах
6
ՄԱՐԿՈՍ 13:7
Բայց երբ լսէք պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր՝ մի՛ խռովիք, վասն զի պէտք է ըլլայ, բայց դեռ «վերջ»ը չէ։
ՄԱՐԿՈՍ 13:7 г судлах
7
ՄԱՐԿՈՍ 13:35-37
Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ ե՞րբ պիտի գայ տանտէրը, իրիկո՞ւնը՝ թէ կէս գիշերին՝ հաւախօսի՞ն՝ թէ առտուն։ Չըլլայ որ յանկարծակի գայ ու ձեզ քունի մէջ գտնէ։ Եւ ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’»։
ՄԱՐԿՈՍ 13:35-37 г судлах
8
ՄԱՐԿՈՍ 13:8
Վասն զի ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ երկրաշարժներ պիտի ըլլան. սովեր ու խռովութիւններ ալ պիտի ըլլան։ Ասոնք ցաւերուն սկիզբն են։
ՄԱՐԿՈՍ 13:8 г судлах
9
ՄԱՐԿՈՍ 13:10
Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն։
ՄԱՐԿՈՍ 13:10 г судлах
10
ՄԱՐԿՈՍ 13:6
Վասն զի շատեր պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն թէ ‘Ես եմ Քրիստոսը’ ու շատերը պիտի մոլորեցնեն։
ՄԱՐԿՈՍ 13:6 г судлах
11
ՄԱՐԿՈՍ 13:9
Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն համար. քանզի ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու ժողովարաններու մէջ ձեզ պիտի ծեծեն եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի կենաք՝ անոնց վկայութիւն տալու համար։
ՄԱՐԿՈՍ 13:9 г судлах
12
ՄԱՐԿՈՍ 13:22
Վասն զի սուտ քրիստոսներ եւ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու նշաններ եւ հրաշքներ պիտի ցուցնեն, որպէս զի եթէ կարելի ըլլայ, ընտրեալներն ալ մոլորեցնեն։
ՄԱՐԿՈՍ 13:22 г судлах
13
ՄԱՐԿՈՍ 13:24-25
«Բայց այն օրերը այն նեղութենէն յետոյ արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։ Եւ աստղերը երկնքէն պիտի թափթփին ու երկնքին մէջի զօրութիւնները պիտի շարժին։
ՄԱՐԿՈՍ 13:24-25 г судлах