1
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:41
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք։ Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։
Харьцуулах
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:41 г судлах
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:38
Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Իմ անձս մեռնելու չափ տրտում է։ Հոս կեցէք եւ ինծի հետ արթուն մնացէք»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:38 г судлах
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:39
Ու քիչ մը առջեւ երթալով՝ իր երեսին վրայ ինկաւ եւ աղօթք ըրաւ՝ ըսելով. «Ով Հայր իմ, եթէ կարելի է, թող այս գաւաթը ինծմէ անցնի. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ՛ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:39 г судлах
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:28
«Ամէնքդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ. վասն զի ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ պիտի թափուի՝ շատերու մեղքերուն թողութեան համար։
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:28 г судлах
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:26
Մինչ անոնք կ’ուտէին, Յիսուս հացը առաւ, օրհնեց ու կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն ու ըսաւ. «Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:26 г судлах
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:27
Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու տուաւ անոնց ու ըսաւ.
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:27 г судлах
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:40
Երբ եկաւ աշակերտներուն, զանոնք քնացած գտաւ եւ ըսաւ Պետրոսին. «Այդպէս մէկ ժա՞մ ալ չկրցաք ինծի հետ արթուն կենալ։
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:40 г судлах
8
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:29
Բայց կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ասկէ յետոյ որթին բերքէն բնաւ պիտի չխմեմ, մինչեւ այն օրը՝ երբ ձեզի հետ նոր գինին խմեմ իմ Հօրս թագաւորութեանը մէջ’»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:29 г судлах
9
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:75
Պետրոս միտքը բերաւ Յիսուսին խօսքը, որ իրեն ըսեր էր թէ՝ «Դեռ հաւը չխօսած՝ երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս». ու դուրս ելլելով դառնապէս լացաւ։
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:75 г судлах
10
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:46
Ելէք ասկէ երթանք. ահա մօտեցաւ անիկա որ զիս պիտի մատնէ»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:46 г судлах
11
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:52
Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին։
ՄԱՏԹԷՈՍ 26:52 г судлах