1
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:24
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Այն ատեն Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։
Харьцуулах
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:24 г судлах
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:18
Ես քեզի կ’ըսեմ թէ դուն Պետրոս ես ու այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս եւ դժոխքին դռները անոր պիտի չյաղթեն։
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:18 г судлах
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:19
Երկնքի թագաւորութեան բանալիները քեզի պիտի տամ եւ ինչ որ երկրի վրայ կապես, երկնքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ ու ինչ որ երկրի վրայ արձակես, երկնքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:19 г судлах
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:25
Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:25 г судлах
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:26
Քանզի ի՞նչ կը շահի մարդ եթէ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ, կամ իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ։
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:26 г судлах
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:15-16
Ըսաւ անոնց. «Հապա դո՞ւք ինծի համար ո՞վ կ’ըսէք թէ եմ»։ Սիմոն Պետրոս պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին»։
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:15-16 г судлах
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:17
Յիսուս ըսաւ անոր. «Երանի՜ քեզի, Սիմոն, Յովնանի որդի. վասն զի մարմինը եւ արիւնը քեզի չյայտնեցին ասիկա, հապա իմ Հայրս որ երկինքն է։
ՄԱՏԹԷՈՍ 16:17 г судлах