1
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:16
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Ահա ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ ոչխարներ գայլերու մէջ. ուստի օձերու պէս խորագէտ եղէք եւ աղաւնիներու պէս միամիտ։
Харьцуулах
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:16 г судлах
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:39
Ան որ իր անձը կը գտնէ, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ան որ իր անձը ինծի համար կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա։
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:39 г судлах
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:28
Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել. հապա աւելի անկէ վախցէք, որ կրնայ հոգին ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել։
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:28 г судлах
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:38
Ան որ իր խաչը չառներ ու իմ ետեւէս գար, ինծի արժանի չէ։
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:38 г судлах
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:32-33
Ա՛րդ՝ ով որ մարդոց առջեւ զիս կը դաւանի, ես ալ զանիկա պիտի դաւանիմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է։ Եւ ով որ մարդոց առջեւ զիս կ’ուրանայ, ես ալ զանիկա պիտի ուրանամ իմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է։
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:32-33 г судлах
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:8
Հիւանդները բժշկեցէք, բորոտները մաքրեցէք, դեւերը հանեցէք. ձրի առեր էք, ձրի տուէք։
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:8 г судлах
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:31
Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք։
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:31 г судлах
8
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:34
«Մի՛ կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութիւն ձգելու եկայ։ Խաղաղութիւն ձգելու չեկայ, հապա՝ սուր։
ՄԱՏԹԷՈՍ 10:34 г судлах