1
ՂՈԻԿԱՍ 6:38
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Տուէ՛ք ու ձեզ պիտի տրուի։ Աղէկ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը. քանզի այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի»։
Харьцуулах
ՂՈԻԿԱՍ 6:38 г судлах
2
ՂՈԻԿԱՍ 6:45
Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարութիւն կը բղխեցնէ եւ չար մարդը իր սրտին չար գանձէն չարութիւն կը բղխեցնէ. վասն զի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի»։
ՂՈԻԿԱՍ 6:45 г судлах
3
ՂՈԻԿԱՍ 6:35
Այլ սիրեցէք դուք ձեր թշնամիները ու բարիք ըրէք եւ փոխ տուէք առանց փոխարէնը բան մը սպասելու եւ ձեր վարձքը շատ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին որդիները պիտի ըլլաք, վասն զի անիկա բարերար է ապերախտներուն ու չարերուն։
ՂՈԻԿԱՍ 6:35 г судлах
4
ՂՈԻԿԱՍ 6:36
Ուրեմն գթած եղէք, ինչպէս ձեր Հայրն ալ գթած է»։
ՂՈԻԿԱՍ 6:36 г судлах
5
ՂՈԻԿԱՍ 6:37
«Մի՛ դատէք ու պիտի չդատուիք։ Մի՛ դատապարտէք ու պիտի չդատապարտուիք։ Ներեցէ՛ք ու ձեզ պիտի ներուի։
ՂՈԻԿԱՍ 6:37 г судлах
6
ՂՈԻԿԱՍ 6:27-28
Բայց կ’ըսեմ ձեզի որ մտիկ կ’ընէք. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, ձեզ ատողներուն բարիք ըրէք, Ձեզ անիծողները օրհնեցէք, ձեզի նեղութիւն տուողներուն համար աղօթք ըրէք։
ՂՈԻԿԱՍ 6:27-28 г судлах
7
ՂՈԻԿԱՍ 6:31
Ինչպէս կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք։
ՂՈԻԿԱՍ 6:31 г судлах
8
ՂՈԻԿԱՍ 6:29-30
Թէ որ մէկը քու ծնօտիդ զարնէ, միւսն ալ մօտեցուր անոր. եթէ ան քու վերարկուդ քեզմէ հանէ, մի՛ արգիլեր անկէ շապիկդ ալ։ Ամէն ինչ, որ քեզմէ կ’ուզէ՝ տուր ու քու բաներդ առնողէն զանոնք մի՛ պահանջեր։
ՂՈԻԿԱՍ 6:29-30 г судлах
9
ՂՈԻԿԱՍ 6:43
«Չկայ բարի ծառ մը, որ չար պտուղ բերէ, ո՛չ ալ չար ծառ մը, որ բարի պտուղ բերէ.
ՂՈԻԿԱՍ 6:43 г судлах
10
ՂՈԻԿԱՍ 6:44
Վասն զի ամէն ծառ իր պտուղէն կը ճանչցուի։ Քանզի փուշերէն թուզ չեն քաղեր ու մորենիէն խաղող չեն ժողվեր։
ՂՈԻԿԱՍ 6:44 г судлах