1
ՂՈԻԿԱՍ 3:21-22
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Բոլոր ժողովուրդը մկրտուեցաւ։ Երբ Յիսուս ալ մկրտուելով աղօթք կ’ընէր, երկինքը բացուեցաւ Եւ Սուրբ Հոգին մարմնաւոր երեւոյթով աղաւնիի պէս անոր վրայ իջաւ ու երկնքէն ձայն մը եկաւ, որ կ’ըսէր. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի հաւնեցայ»։
Харьцуулах
ՂՈԻԿԱՍ 3:21-22 г судлах
2
ՂՈԻԿԱՍ 3:16
Յովհաննէս պատասխան տուաւ ամենուն ու ըսաւ. «Ես ձեզ ջրով կը մկրտեմ, բայց ինծմէ աւելի զօրաւորը պիտի գայ, որուն կօշիկներուն կապերը քակելու արժանի չեմ, անիկա ձեզ պիտի մկրտէ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով.
ՂՈԻԿԱՍ 3:16 г судлах
3
ՂՈԻԿԱՍ 3:8
Ուրեմն ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ բերէք եւ մի՛ սկսիք ձեր ներսիդին ըսել թէ՝ ‘Մենք մեզի հայր Աբրահամը ունինք’, քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէն Աբրահամի որդիներ հանել։
ՂՈԻԿԱՍ 3:8 г судлах
4
ՂՈԻԿԱՍ 3:9
Ալ հիմա կացինը ծառերուն արմատին քով կը դրուի. ուստի ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի բերեր, պիտի կտրուի ու կրակը պիտի ձգուի»։
ՂՈԻԿԱՍ 3:9 г судлах
5
ՂՈԻԿԱՍ 3:4-6
Ինչպէս Եսայի մարգարէին գրքին մէջ գրուած է՝ ըսելով. «Անապատին մէջ կանչողին ձայնը, Տէրոջը ճամբան պատրաստեցէք, անոր շաւիղները շտկեցէք։ Ամէն ձոր պիտի լեցուի եւ ամէն լեռ ու բլուր պիտի ցածնայ եւ ծուռը պիտի շտկուի ու խորտուբորտ տեղերը հարթ ճամբաներ պիտի ըլլան։ Եւ ամէն մարմին Աստուծոյ փրկութիւնը պիտի տեսնէ»։
ՂՈԻԿԱՍ 3:4-6 г судлах