1
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 37:4-5
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Ինծի ըսաւ. «Այս ոսկորներուն վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛ ու անոնց ըսէ՛. ‘Ո՛վ չորցած ոսկորներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք։ Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան այս ոսկորներուն. «Ահա ես ձեր մէջ հոգի պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք
Харьцуулах
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 37:4-5 г судлах
2
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 37:6
Եւ ձեր վրայ ջիղեր պիտի դնեմ ու ձեզ միսով պիտի պատեմ ու ձեզ մորթով պիտի ծածկեմ եւ ձեր մէջ շունչ պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»’»։
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 37:6 г судлах
3
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 37:3
Տէրը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, այս ոսկորները կրնա՞ն կենդանանալ»։ Ըսի. «Ո՛վ Տէր Եհովա, դուն գիտես»։
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 37:3 г судлах
4
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 37:1-2
Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ եւ Տէրը զիս Հոգիով՝ ՝ հանեց ու դաշտին մէջ դրաւ։ Անիկա ոսկորներով լեցուն էր։ Զիս անոնց շուրջը պտըտցուց։ Անոնք դաշտին երեսին վրայ խիստ շատ էին եւ խիստ չորցած։
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 37:1-2 г судлах
5
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 37:7-8
Ես մարգարէութիւն ըրի ինչպէս ինծի հրամայուեցաւ ու հազիւ թէ մարգարէացայ՝ ձայն մը լսուեցաւ, շարժում մը եղաւ ու ոսկորները իրարու մօտեցան՝ ոսկորը իր ոսկորին։ Տեսայ թէ անոնք ջիղերով ու միսով պատուեցան ու մորթով ծածկուեցան, բայց անոնց մէջ շունչ չկար։
ԵԶԵԿԻԷԼԻ 37:7-8 г судлах