1
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:17-18
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Վասն զի Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր ու խմելիք չէ, հապա արդարութիւն եւ խաղաղութիւն ու խնդութիւն Սուրբ Հոգիով։ Քանզի եթէ մէկը այս բաներով Քրիստոսին ծառայէ, անիկա Աստուծոյ հաճելի կ’ըլլայ ու մարդոցմէ կը գովուի։
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:17-18
2
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:8
Քանզի եթէ ապրինք, Տէրոջը համար կ’ապրինք եւ եթէ մեռնինք, Տէրոջը համար կը մեռնինք. ուրմեն թէ՛ ապրինք եւ թէ՛ մեռնինք, մենք Տէրոջն ենք։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:8
3
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:19
Ուրեմն իրարու հետ խաղաղութեամբ եւ շինութեամբ ապրինք։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:19
4
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:13
Ա՛լ զիրար չդատենք, հապա որոշենք մեր մտքերուն մէջ՝ խոչ կամ գայթակղութիւն չդնել ոեւէ եղբօր։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:13
5
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:11-12
Վասն զի գրուած է. «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէրը, որ ամէն ծունկ ինծի պիտի ծռի եւ ամէն լեզու Աստուած պիտի դաւանի»։ Ուրեմն մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:11-12
6
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:1
Հաւատքի մէջ տկար եղողը ընդունեցէք, ո՛չ թէ տարակուսական որոշումներով։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:1
7
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:4
Դուն ո՞վ ես որ ուրիշին ծառան կը դատես. իր Տէրոջը կը կանգնի կամ կ’իյնայ. բայց պիտի կանգնի, վասն զի Աստուած կարող է զանիկա կանգնեցնել։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 14:4