1
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:2
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Եւ մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է։
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:2
2
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:1
Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:1
3
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:12
Յոյսով ուրախ եղէ՛ք. նեղութեան մէջ համբերեցէ՛ք. ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք.
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:12
4
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:21
Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:21
5
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:10
Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք.
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:10
6
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:9
Սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ, չարէն զզուելով, բարիին յարելով։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:9
7
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:18
Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:18
8
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:19
Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասն զի գրուած է. «Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ», կ’ըսէ Տէրը։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:19
9
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:11
Ջանքի մէջ թուլասիրտ մի՛ ըլլաք. Հոգիով բորբոքեցէ՛ք. Տէրոջը ծառայեցէ՛ք.
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:11
10
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:3
Քանզի ինծի տրուած շնորհքով այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածէ, հապա զգաստ կենալ մտածէ հաւատքին չափովը, որ Աստուած ամէն մէկուն բաժնեց։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:3
11
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:17
Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:17
12
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:16
Իրարու վրայ միեւնոյն խորհուրդը ունեցէ՛ք. ամբարտաւանութիւն մի՛ ընէք, հապա խոնարհներուն հետ խոնարհեցէ՛ք, ինքզինքնիդ իմաստունի տեղ մի՛ դնէք.
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:16
13
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:20
Ուստի եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ հաց տուր անոր եւ եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր անոր. քանզի այս ընելով՝ անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:20
14
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:14-15
Ձեզ հալածողները օրհնեցէ՛ք եւ մի՛ անիծէք. Խնդացողներուն հետ խնդացէ՛ք եւ լացողներուն հետ լացէ՛ք.
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:14-15
15
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:13
Սուրբերուն պէտքերուն հաղորդ եղէ՛ք. հիւրասիրութեան ետեէ եղէ՛ք.
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:13
16
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:4-5
Վասն զի ինչպէս մէկ մարմնի մէջ շատ անդամներ ունինք ու այն բոլոր անդամները միեւնոյն գործը չունին, Նոյնպէս մենք՝ շատուորներս՝ մէ՛կ մարմին ենք Քրիստոսով եւ ամէն մէկերնիս իրարու անդամներ ենք։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12:4-5