1
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:16
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Վասն զի ես ամօթ չեմ սեպեր աւետարանը քանզի Աստուծոյ զօրութիւնն է ան՝ բոլոր հաւատացեալներուն փրկութեան համար՝ առաջ Հրեային ու ետքը Յոյնին։
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:16
2
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:17
Վասն զի անով Աստուծոյ արդարութիւնը, որ է հաւատքէն, հաւատքի համար կը յայտնուի. ինչպէս գրուած է թէ՝ ‘Արդարը հաւատքէն պիտի ապրի’։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:17
3
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:20
Քանզի աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը, որպէս զի անպատասխանի մնան։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:20
4
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:21
Թէեւ իրենք Աստուած կը ճանչնային բայց Աստուծոյ պէս չփառաւորեցին կամ շնորհակալ չեղան. հապա իրենց խորհուրդներուն մէջ ունայնացան եւ սրտերնին անմտութիւնով՝ ՝ խաւարեցաւ։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:21
5
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:25
Որոնք Աստուծոյ ճշմարտութիւնը սուտի հետ փոխեցին ու երկրպագութիւն եւ պաշտօն մատուցանեցին ստեղծուածներուն քան թէ Ստեղծողին, որ յաւիտեան օրհնեալ է։ Ամէն։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:25
6
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:18
Քանզի Աստուծոյ բարկութիւնը երկնքէն կը յայտնուի մարդոց բոլոր ամբարշտութեանը եւ անիրաւութեանը վրայ, որոնք ճշմարտութիւնը անիրաւութեամբ բռներ են։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:18
7
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:26-28
Անոր համար Աստուած զանոնք անարգ կրքերու մատնեց։ Իրենց էգերն անգամ բնական պէտքը բնութեան դէմ եղող պէտքի փոխեցին։ Նոյնպէս ալ արուները կնոջ բնական պէտքը թողուցած՝ իրենց ցանկութիւնովը իրարու հետ վառուեցան. արուները արուներու հետ խայտառակութիւն կը գործէին եւ իրենց մոլութեանը վայլած հատուցումը իրենց վրայ կ’ընդունէին։ Քանի որ չուզեցին Աստուած իրենց գիտութեանը մէջ պահել, Աստուած ալ զանոնք անարգ խորհուրդներու մատնեց անվայել բաներ ընելու.
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:26-28
8
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:22-23
Իրենք իմաստուն ենք ըսին ու յիմարացան Եւ անեղծ Աստուծոյ փառքը փոխեցին, նմանցնելով եղծանելի մարդու եւ թռչուններու ու չորքոտանիներու եւ սողուններու պատկերին։
Ուսումնասիրեք ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1:22-23