1
ՍԱՂՄՈՍ 40:1-2
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Սպասելով սպասեցի Տէրոջը, Որ ծռեցաւ ինծի ու լսեց իմ աղաղակս Եւ զիս կորստեան փոսէն, տղմալից կաւէն հանեց Ու ոտքերս վէմի վրայ ամրացուց ու քալուածքս հաստատեց
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 40:1-2
2
ՍԱՂՄՈՍ 40:3
Ու բերանս դրաւ նոր երգ մը, Մեր Աստուծոյ գովութիւնը։ Շատերը պիտի տեսնեն ու պիտի վախնան Ու Տէրոջը պիտի յուսան։
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 40:3
3
ՍԱՂՄՈՍ 40:4
Երանի՜ այն մարդուն, որ իր յոյսը Տէրոջը վրայ կը դնէ Ու չի նայիր հպարտներուն ու ստութեան ետեւէ գացողներուն։
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 40:4
4
ՍԱՂՄՈՍ 40:8
Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ Ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է»։
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 40:8
5
ՍԱՂՄՈՍ 40:11
Դուն, ո՛վ Տէր, քու գթութիւնդ մի՛ հեռացներ ինծմէ. Քու ողորմութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ ամէն ժամանակ թող պաշտպանեն զիս։
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 40:11