1
ՍԱՂՄՈՍ 103:2
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը Եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար։
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 103:2
2
ՍԱՂՄՈՍ 103:3-5
Որ կը քաւէ բոլոր անօրէնութիւններդ Ու կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութիւններդ, Որ կը փրկէ քու կեանքդ ապականութենէ Եւ կը պսակէ քեզ ողորմութիւնով ու գթութիւնով. Որ կը լեցնէ քու ծերութիւնդ բարութիւնով Ու քու մանկութիւնդ արծիւի պէս կը նորոգուի։
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 103:3-5
3
ՍԱՂՄՈՍ 103:1
Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը Ու այն ամէնը, որ իմ ներսիդիս է՝ անոր սուրբ անունը։
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 103:1
4
ՍԱՂՄՈՍ 103:13
Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, Այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 103:13
5
ՍԱՂՄՈՍ 103:12
Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, Այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները։
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 103:12
6
ՍԱՂՄՈՍ 103:8
Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը, Երկայնամիտ ու առատ՝ ողորմութիւնով։
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 103:8
7
ՍԱՂՄՈՍ 103:10-11
Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի Ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի։ Հապա որչափ որ երկինքը երկրէն բարձր է, Այնչափ իր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ զօրաւոր է։
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 103:10-11
8
ՍԱՂՄՈՍ 103:19
Տէրը իր աթոռը երկնքի մէջ հաստատեց։ Անոր թագաւորութիւնը ամենուն վրայ կը տիրէ։
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 103:19