1
ՍԱՂՄՈՍ 10:17-18
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Տնանկներուն ցանկութիւնը լսեցիր, ո՛վ Տէր. Անոնց սրտերը պիտի հաստատես ու քու ականջդ պիտի խոնարհեցնես Որբին ու տնանկին դատաստանը տեսնելու, Որպէս զի երկրի մարդը ա՛լ զանոնք չվախցնէ։
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 10:17-18
2
ՍԱՂՄՈՍ 10:14
Դուն տեսար, վասն զի ցաւին ու նեղութեանը կը նայիս՝ Քու ձեռքովդ փոխարէն հատուցանելու համար։ Աղքատը ինքզինք քեզի կը յանձնէ. Որբին օգնականը դուն ես։
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 10:14
3
ՍԱՂՄՈՍ 10:1
Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ հեռու կը կենաս. Նեղութեան ժամանակները կը ծածկուիս։
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 10:1
4
ՍԱՂՄՈՍ 10:12
Ելի՛ր, ո՛վ Տէր. ո՛վ Աստուած, ձեռքդ վե՛ր վերցուր, Մի՛ մոռնար նեղեալները։
Ուսումնասիրեք ՍԱՂՄՈՍ 10:12