1
ՄԱՏԹԷՈՍ 27:46
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Ժամը իննին ատենները Յիսուս մեծ ձայնով աղաղակեց ու ըսաւ. «Էլի՜, Էլի՜, լա՞մա սաբաքթանի». որ ըսել է՝ «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր».
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 27:46
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 27:51-52
Ահա տաճարին վարագոյրը վերէն վար երկուքի ճեղքուեցաւ, երկիր շարժեցաւ, քարերը պատռեցան, Գերեզմանները բացուեցան ու շատ մը սուրբ ննջեցեալներու մարմիններ յարութիւն առին։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 27:51-52
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 27:50
Յիսուս դարձեալ մեծ ձայնով աղաղակեց ու հոգին աւանդեց։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 27:50
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 27:54
Բայց հարիւրապետը եւ անոր հետ Յիսուսը պահողները, երբ տեսան երկրաշարժը ու եղած բաները, շատ վախցան ու ըսին. «Արդարեւ ասիկա Որդի Աստուծոյ էր»։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 27:54
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 27:45
Վեցերորդ ժամէն մինչեւ իններորդ ժամը բոլոր երկրին վրայ խաւար եղաւ։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 27:45
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 27:22-23
Անոնք ըսին. «Բարաբբան»։ Ըսաւ անոնց Պիղատոս. «Հապա ի՞նչ ընեմ Յիսուսը, որ Քրիստոս կ’ըսուի»։ Ամէնքն ալ ըսին անոր. «Թող խաչուի»։ Եւ կուսակալը ըսաւ. «Բայց ի՞նչ չար գործ ըրաւ»։ Անոնք ա՛լ աւելի կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Թող խաչուի»։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 27:22-23