1
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:26
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Յիսուս անոնց նայելով՝ ըսաւ. «Ատիկա մարդոց կողմէ անկարելի է, բայց Աստուծոյ կողմէ ամէն բան կարելի է»։
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 19:26
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:6
Ուստի ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին. ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 19:6
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:4-5
Անիկա ալ անոնց ըսաւ. «Չէ՞ք կարդացեր թէ ան որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք», ու աւելցուց. «Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 19:4-5
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:14
Յիսուս ըսաւ. «Թո՛ղ տուէք այդ մանր տղոցը եւ մի արգիլէք ատոնք ինծի գալէն, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է»։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 19:14
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:30
Բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին եւ յետիններ՝ առաջին»։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 19:30
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:29
Ով որ թողուց տուներ կամ եղբայրներ կամ քոյրեր կամ հայր կամ մայր կամ կին կամ որդիներ կամ արտեր իմ անուանս համար, հարիւրապատիկ պիտի առնէ եւ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 19:29
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:21
Յիսուս ըսաւ. «Եթէ կ’ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա ունեցածդ ծախէ, տուր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս»։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 19:21
8
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:17
Անիկա ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես. մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած։ Եթէ կ’ուզես յաւիտենական կեանքը մտնել, պատուիրանքները պահէ»։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 19:17
9
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:24
Դարձեալ կ’ըսեմ ձեզի. «Դիւրին է որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 19:24
10
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:9
Սակայն ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ։ Եւ ով որ արձակուածը առնէ, շնութիւն կ’ընէ’»։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 19:9
11
ՄԱՏԹԷՈՍ 19:23
Այն ատեն Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ հարուստը դժուարաւ պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը»։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 19:23