1
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:23
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, միտք կ’առնէ եւ պտուղ կու տայ, ո՛րը հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն ու ո՛րը՝ երեսուն»
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 13:23
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:22
Փուշերուն մէջ ցանուածը այն է որ երբ կը լսէ խօսքը, աշխարհիս զբաղմունքը եւ հարստութեան խաբէութիւնը խօսքը կը խեղդեն ու կ’ըլլայ անպտուղ
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 13:22
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:19
Ամէն ով որ թագաւորութեան խօսքը կը լսէ ու միտք չառներ, չարը կու գայ ու անոր սրտին մէջ ցանուածը կը յափշտակէ։ Ասիկա այն է որ ճամբուն քով ցանուեցաւ։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 13:19
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:20-21
Ապառաժուտ տեղերու վրայ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, շուտ մը ուրախութեամբ կ’ընդունի զանիկա։ Բայց իր մէջ արմատ չունենալով, քիչ ժամանակ կը տեւէ ու երբ նեղութիւն կամ հալածանք ըլլայ խօսքին համար, շուտ մը կը գայթակղի։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 13:20-21
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:44
«Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը արտի մէջ պահուած գանձի մը նման է, որ մարդ մը գտնելով՝ կը ծածկէ եւ ուրախութենէն կ’երթայ բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու այն արտը կը գնէ»։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 13:44
6
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:8
Ուրիշներ ինկան աղէկ հողի մէջ ու պտուղ տուին ո՛րը մէկուն տեղ հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն եւ ո՛րը՝ երեսուն։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 13:8
7
ՄԱՏԹԷՈՍ 13:30
Թող տուէ՛ք որ երկուքն ալ մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքի ատենը։ Եւ հունձքի ատենը հնձողներուն պիտի ըսեմ. ‘Առաջ որոմը քաղեցէք, խուրձ խուրձ կապեցէք այրելու համար, իսկ ցորենը իմ ամբարս ժողվեցէք’»։
Ուսումնասիրեք ՄԱՏԹԷՈՍ 13:30