1
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 20:35
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Ամէն բան ձեզի ցուցուցի, թէ այսպէ՛ս պէտք է աշխատիլ ու տկարներուն օգնութիւն ընել եւ միտք բերել Տէր Յիսուսին խօսքը՝ որ ինք ըսաւ. ‘Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը’»։
Համեմատել
Ուսումնասիրեք ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 20:35
2
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 20:24
Բայց ես բանի մը համար հոգ չեմ ըներ եւ իմ անձս պատուական չեմ սեպեր, միայն թէ իմ ընթացքս ուրախութեամբ կատարեմ եւ այն պաշտօնը՝ զոր Տէր Յիսուսէն առի Աստուծոյ շնորհքներու աւետարանին վկայ ըլլալու։
Ուսումնասիրեք ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 20:24
3
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 20:28
Ուրեմն զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ Սուրբ Հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու զոր իր արիւնովը ստացաւ։
Ուսումնասիրեք ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 20:28
4
ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 20:32
Եւ հիմա, եղբա՛յրներ, կը յանձնեմ ձեզ Աստուծոյ ու անոր շնորհքներու խօսքին, որ կարող է շինելու եւ բոլոր սրբուածներուն հետ ձեզի ժառանգութիւն տալու։
Ուսումնասիրեք ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 20:32