1
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 12:36-37
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
WANTACoC
Կ՚ըսեմ ձեզի.– Դատաստանի օրը մարդ իր բոլոր դատարկ խօսքերուն համար հաշիւ պիտի տայ։ Որովհետեւ քու խօսքերովդ պիտի դատեն քեզ, կա՛մ արդարացնելու համար քեզ եւ կա՛մ՝ դատապարտելու։
Сравнить
Изучить ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 12:36-37
2
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 12:34
Իժերո՛ւ ծնունդներ, ի՞նչպէս կրնաք լաւ բաներ խօսիլ, երբ դուք չար էք, քանի բերանը սրտին մէջ եղածն է որ կը խօսի։
Изучить ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 12:34
3
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 12:35
Բարի մարդը իր սրտի բարի գանձէն բարիք կը հանէ, իսկ չար մարդը իր սրտի չար գանձէն՝ չարիք։
Изучить ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 12:35
4
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 12:31
Այս պատճառով կ՚ըսեմ ձեզի.– Մարդիկ որքան ալ մեղք գործեն կամ հայհոյութիւն ընեն, Աստուած պիտի ներէ անոնց այդ բոլորը. բայց պիտի չներէ անոր, որ Սուրբ Հոգիին կը հայհոյէ, այսինքն՝ կը նախատէ զայն։
Изучить ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 12:31
5
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 12:33
Եթէ կ՚ուզէք լաւ պտուղ ունենալ՝ ծառը առողջ պահեցէք, իսկ եթէ ծառը լաւ չպահէք՝ պտուղն ալ գէշ կ՚ըլլայ։ Որովհետեւ իւրաքանչիւր ծառ իր պտուղէն կը ճանչցուի։
Изучить ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 12:33