1
ԾՆՆԴՈՑ 3:6
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Կինը տեսնելով որ ծառը աղէկ էր կերակուրի համար եւ հաճելի՝ աչքերուն ու փափաքելի իմաստուն ընելու համար, առաւ անոր պտուղէն ու կերաւ եւ իր էրկանն ալ տուաւ եւ անիկա ալ կերաւ
Palyginti
Naršyti ԾՆՆԴՈՑ 3:6
2
ԾՆՆԴՈՑ 3:1
Եւ Տէր Աստուծոյ ըրած դաշտի բոլոր գազաններէն աւելի խորամանկ էր օձը, որ կնոջ ըսաւ. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք’»։
Naršyti ԾՆՆԴՈՑ 3:1
3
ԾՆՆԴՈՑ 3:15
Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։
Naršyti ԾՆՆԴՈՑ 3:15
4
ԾՆՆԴՈՑ 3:16
Եւ կնոջ ըսաւ. «Քու յղութեանդ ցաւերը խիստ պիտի շատցնեմ։ Ցաւով զաւակ ծնանիս ու էրկանդ հնազանդ ըլլաս ու անիկա քու վրադ իշխէ»։
Naršyti ԾՆՆԴՈՑ 3:16
5
ԾՆՆԴՈՑ 3:19
Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։
Naršyti ԾՆՆԴՈՑ 3:19
6
ԾՆՆԴՈՑ 3:17
Եւ Ադամին ըսաւ. «Որովհետեւ դուն քու կնոջդ խօսքը մտիկ ըրիր եւ այն ծառէն կերար, որուն համար պատուիրեցի քեզի՝ ըսելով՝ ‘Չուտես անկէ’, երկիրը քու պատճառաւդ անիծեա՛լ ըլլայ, կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ նեղութիւնով ուտես անկէ
Naršyti ԾՆՆԴՈՑ 3:17
7
ԾՆՆԴՈՑ 3:11
Եւ Աստուած ըսաւ. «Ո՞վ յայտնեց քեզի քու մերկ ըլլալդ. արդեօք կերա՞ր այն ծառէն՝ որուն համար քեզի պատուիրեցի, որ անկէ չուտես»։
Naršyti ԾՆՆԴՈՑ 3:11
8
ԾՆՆԴՈՑ 3:24
Այսպէս վռնտեց Ադամը ու Եդեմի պարտէզին արեւելեան կողմէն քերովբէներ ու ամէն կողմ դարձող բոցեղէն սուրը դրաւ, կենաց ծառին ճամբան պահելու համար։
Naršyti ԾՆՆԴՈՑ 3:24
9
ԾՆՆԴՈՑ 3:20
Ադամ իր կնոջ անունը Եւա դրաւ. վասն զի ամէն կենդանութիւն ունեցողներուն մայրը անիկա էր։
Naršyti ԾՆՆԴՈՑ 3:20