ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:19 - Համեմատել բոլոր տարբերակները
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:19 WARMB (Western Armenian Bible 1853)
(Մարդու սովորութեան պէս կ’ըսեմ՝ ձեր մարմնին տկարութեանը համար.) քանզի ինչպէս ատեն մը ձեր անդամները անօրէնութեան ընծայեցիք՝ պղծութեան եւ անօրէնութեան ծառաներ ըլլալու, ա՛յնպէս հիմա ձեր անդամները սրբութեան ընծայեցէք՝ արդարութեան ծառաներ ըլլալու։
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:19 WANTACOC (Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament)
Ծառայի օրինակով կը խօսիմ, որովհետեւ այդպէս աւելի հասկնալի է ձեզի։ Ինչպէս որ ժամանակ մը ձեր մարմինները անօրէնութեան տուած՝ պղծութեան եւ անօրէնութեան կը ծառայէիք, այնպէս ալ հիմա սրբութեան տուէք ձեր մարմինները եւ արդարութեան ծառայեցէք։
ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 6:19 WA2017 (Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017)
(մարդու սովորութեան պէս կ’ըսեմ՝ ձեր մարմնին տկարութեանը համար). քանզի ինչպէս ատեն մը ձեր անդամները անօրէնութեան ընծայեցիք՝ պղծութեան եւ անօրէնութեան ծառաներ ըլլալու, ա՛յնպէս հիմա ձեր անդամները սրբութեան ընծայեցէք՝ արդարութեան ծառաներ ըլլալու։